Լիբանանի 2022-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ, արտերկրի լիբանանցիներուն համար, քուէարկելու պարագային ճշդուած են տարբեր թուականներ:
Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15 մայիս 2022-ին, արտերկրի պարագային՝ շաբաթ մը առաջ:
Արտերկրի լիբանանցիներուն համար ճշդուած է ընտրութեան երկու թուական` ուրբաթ, 6 եւ կիրակի, 8 մայիս:
6 մայիսին պիտի քուէարկեն այն լիբանանցիները, որոնք կ՛ապրին ուրբաթ օրը շաբթուան պաշտօնական արձակուրդի օր նկատի ունեցող երկիրներուն մէջ, իսկ 8 մայիսին պիտի քուէարկեն այն լիբանանցիները, որոնք կ՛ապրին կիրակի օրը շաբթուան պաշտօնական արձակուրդի օր նկատի ունեցող երկիրներուն մէջ: