ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող օրակարգին գծով նախորդ օրերուն հնչեցին զանազան յայտարարութիւններ:
Արդարեւ, Պրիւքսէլի մէջ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Ատրպէյճան ցարդ չէ ընդունած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգին մէջ նաեւ Արցախի հետագայ կարգավիճակը եւ ապահովութիւնը ներառելու՝ Երեւանի առաջարկը:
«Մենք հրապարակել ենք խաղաղութեան գործընթացի մեր տեսլականը: Ասել ենք, որ Ադրբեջանի կողմից առաջարկուած դրոյթներում հայկական կողմի համար անընդունելի ոչինչ չկայ, բայց այդ դրոյթները չեն ներառում ակնկալուող խաղաղութեան համաձայնագրում առկայ խնդիրների ողջ օրակարգը: Մեզ համար առանցքային է քննարկել Ղարաբաղի հայերի իրաւունքներն ու անվտանգութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ, համապատասխանաբար, Ղարաբաղի կարգավիճակը», յայտարարեց Միրզոյեան՝ շարունակելով. «Մենք նաեւ կարծում ենք, որ կարեւոր է խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ այս բանակցութիւնները շարունակել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի շրջանակներում եւ համանախագահութեան մանդատի համաձայն: Մինչ այժմ մենք Ադրբեջանից դրական արձագանգ չենք ստացել այս առաջարկներին, բայց ջանքեր են գործադրւում, որպէսզի այդ բանակցութիւնները հնարաւոր դառնան»:
Միրզոյեան չյստակացուց, թէ որո՛ւն կողմէ ջանքեր կը գործադրուին եւ արդեօք կա՞յ այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց: Ան շեշտեց, որ Երեւան պատրաստ է յարաբերութիւններու կարգաւորման սկսելու, բայց անոր համար նաեւ միւս կողմի համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է. «Ես կարող եմ միայն ընդգծել մեր պատրաստակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանի խաղաղութեանն ու անվտանգութեանը: Բայց դրան հասնելու համար երկու կողմերի հաւանութիւնն է անհրաժեշտ»:
Միւս կողմէ, շուրջ ամիս մը առաջ, Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները պայմանաւորուած էին արագօրէն յառաջ ընթանալու խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ եւ զայն նախապատրաստելու յանձնարարական տուած իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն: Բացի այդ, Փաշինեան եւ Ալիեւ պայմանաւորուած էին նաեւ մինչեւ Ապրիլի վերջը միացեալ յանձնաժողով կազմել սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցով: Ապրիլը աւարտուեցաւ, յայտնի է, որ կողմերը համադրած են յանձնաժողովի կառուցուածքը, սակայն կազմը եւ օրակարգը մինչ օրս չեն հրապարակած՝ անյայտ պատճառներով: Աւելին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, թէ երկկողմ այդ յանձնաժողովը այս շաբաթասկիզբին Մոսկուայի մէջ առաջին նիստը պիտի գումարէ, որ, սակայն, այդպէս ալ տեղի չունեցաւ:
Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Կարելին Ընել, Որպէսզի Կողմերը Ընդհանուր Յայտարարի Գան
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն անդրադարձ կատարուեցան նաեւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր կը գտնուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ մասնակցելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի նիստին, զոր եւրոպական կողմէ կը նախագահէ կառոյցի արտաքին գործոց նախարար Ժոզեփ Պորել:
Միրզոյեանի եւ անոր միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց Հայաստանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ, կարեւոր նկատեց միջազգային հանրութեան եւ, մասնաւորապէս՝ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ նպաստելու հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական լուծման:
Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը եւս դիտել տուաւ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան տակաւին հեռու են համաձայնութենէն, սակայն Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է կարելին ընելու, որպէսզի կողմերը ընդհանուր յայտարարի գան:
Պաքու Դժգոհ Է Երեւանէն
Նոյն ատեն, մինչ նախարար Միրզոյեան հանդիպումներ կ՛ունենար Պրիւքսէլի մէջ՝ դժգոհելով, թէ Պաքու երկրորդ ամիսն է, որ չէ արձագանգած հայկական կողմի առաջարկներուն, Ատրպէյճանի նախագահը Հայաստանը մեղադրեց «անպատասխանատու վերաբերմունքին համար»:
Պաքուի մէջ ընդունելով Եւրոպական Միութեան անդամ Լիթուանիոյ նախագահը՝ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Երեւան երկու անգամ չեղարկեց համաձայնեցուած հանդիպումները՝ սահմանազատման եւ սահմանի ապահովութեան հարցով:
«Ինքնին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջարկած էր առաջին հանդիպումը իռականացնել սահմաններու հարցով: Ատրպէյճան ընդունեց այդ առաջարկը, եւ մենք պատրաստ էինք պատուիրակութիւն ուղարկել: Սակայն վերջին օրը՝ 29 Ապրիլին, Հայաստան չեղեալ յայտարարեց արդէն համաձայնեցուած հանդիպումը: Ասիկա շատ հիասթափեցնող է: Առաւել հիասթափեցնող է այն, որ Հայաստան մերժեց նաեւ 7 եւ11 Մայիսի միջեւ նոր հանդիպում ունենալու նախնական առաջարկը», պնդեց Ատրպէյճանի նախագահը:
Հայաստան Հերքեց
Պաշտօնական Երեւան հերքեց Ատրպէյճանի նախագահին մեղադրանքները: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը 19 Մայիսին յայտարարեց, որ հայկական կողմը որեւէ հանդիպում չէ չեղարկած եւ չէ մերժած: «Երկու երկրների ղեկավարների՝ Սոչիում եւ Բրիւսելում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների շրջանակներում հայկական կողմը շարունակում է պատրաստակամ լինել յանձնաժողովների աշխատանքների մեկնարկը տալու համար», ըսաւ մամլոյ քարտուղարը:
Պաշտօնական Երեւան յոյս ունի, որ որեւէ պահու Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը գտնեն ընդհանուր յայտարար՝ խաղաղութեան օրակարգին շուրջ: «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով այս մասին յայտնեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ շեշտելով, որ խաղաղութեան օրակարգը չի կրնար միակողմանի ըլլալ:
Գրիգորեան վերահաստատեց Երեւանի դիրքորոշումը՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջարկած փաթեթները պէտք է միացնել եւ ատոր իբրեւ արդիւնք սկսիլ բանակցութիւններու՝ խաղաղութեան օրակարգի շուրջ:
Ան նաեւ աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի չունենար թեքնիք համաձայնութիւն ձեռք չբերելու պատճառով: Հայկական կողմը յոյս ունի, որ մօտիկ ապագային գոյութիւն ունեցող այդ հարցերը կը լուծուին, եւ կարելի կ՛ըլլայ հանդիպում կազմակերպել:
Գրիգորեան հաստատեց, որ հայկական կողմին համար առաջնային է Արցախի ժողովուրդի ապահովութիւնը եւ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը. Հայաստան այս օրակարգով կ՛երթայ բանակցութիւններու:
«Առաջնային է անվտանգութիւնը եւ իրաւունքների պաշտպանութիւնը, այսինքն՝ Արցախում ապրող մեր հայրենակիցները պէտք է ունենան անվտանգութիւն եւ իրաւունքների պաշտպանութիւն: Եւ հէնց դրանից էլ բխելու է Արցախի կարգավիճակը: Եւ մենք այս օրակարգով ենք գնում բանակցութիւնների», ըսաւ Գրիգորեան: