ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան կառավարութեան նիստէն ետք անդրադարձաւ հայրենադարձութեան բարդ գործընթացին:
«Ինչո՞ւ է այդքան բարդ, որովհետեւ երկակի խնդիր կայ՝ մէկը օրէնքի հետ է կապուած: Այն օրէնքները, որոնք կարգաւորում են այս խնդիրն, արհեստականօրէն այնքան են բարդացուած, որ քաշքշուքի տեղիք են տալիս: Եւ իմ կարծիքով՝ դա անցեալում ինչ-որ չափով միտումնաւոր է արուել, որպէսզի կոռուպցիոն (զեղծարար-Խմբ.) հնարաւորութիւններ ստեղծուեն: Այսինքն՝ քաղաքացիութիւն ընդունողին որոշ ժամանակ քաշքշելուց յետոյ նրանք աւելի հակուած կը լինէին իրենց նեարդերը խնայելու համար կաշառքի միջոցով հարցը արագ լուծել», ըսաւ Սինանեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Երկրորդ պատճառը, ըստ անոր, աշխատանքի մշակոյթով պայմանաւորուած է: Մարդիկ վատ կը վերաբերին քաղաքացիներուն, այս պարագային՝ քաղաքացիութիւն ստանալու փափաք ունեցող մարդոց հետ: Ասիկա, ըստ Սինանեանի, գաղտնիք չէ: «Մեր պետական ծառայողները բիւրոկրատներ (դիւանակալներ-Խմբ.) են, դա գաղտնի՞ք է ձեզ համար», հարց տուաւ ան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ երկու տարուան ընթացքին այդ հարցերը չեն լուծուած, օրէնքներ չեն փոխուած, որ գործընթացը դիւրանայ՝ ան ըսաւ. «Ըստ իս, որովհետեւ պետութեան ուշադրութիւնը եւ ռեսուրսը (միջոցները-Խմբ.) սեւեռուած է եղել աւելի հրատապ համարուող խնդիրների վրայ»։ Նախարարը նաեւ ըսաւ, որ վարչապետին յանձնարարականէն ետք գործընթացի արատաւոր բնոյթը կ՛ախտորոշեն եւ անոր հիման վրայ լուծումներ պիտի առաջարկեն եւ նոր համապարփակ ծրագիր պիտի ներկայացնեն, որպէսզի նման անհեթեթութիւններ չըլլան: