Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թատրոնի Միջազգային օրը եւ լիբանանահայ թատրոնը

March 29, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Ինչ Որ Կրնանք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացման համար պէտք էր մէկ տարի առաջ տեղ ապահովել:

Կար ժամանակ, երբ մարդիկ սկսած էին ինքնակոչ կերպով թատերասրահ գալ եւ թատրոն դիտել:

Կար ժամանակ, երբ միութիւններու առաջնահերթութիւններէն մէկը թատրոնն էր:

Կար ժամանակ, երբ Հայաստանէն թատերախումբեր կը հրաւիրուէին:

Կար ժամանակ, երբ հանդիսատես մը մէկէ աւելի անգամներ նոյն թատրոնը դիտելու պահանջ կ՛ունենար:

Անցան այդ օրերը:

Աւելի քան երեք տարիներէ ի վեր լիբանանահայ թատրոնը լուռ է: Ո՛չ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի վարչութիւնը, ո՛չ միութիւնները, եւ ո՛չ ալ անհատներ տնտեսական այս ծանր պայմաններուն մէջ թատրոն կազմակերպելու ժամանակ, փորձառութիւն, բեմայարդարում, տարազ, մարդուժ եւ մանաւանդ բեմադրիչ գտնելու կարելիութիւններ ունին, ամէնուրեք դժուարութիւն կայ:

Բայց եւ այնպէս նկատելի է արդէն, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ թատերական կեանքը արդէն հետզհետէ սկսած է աշխուժանալ, ներկայ պայմաններուն համապատասխան թատերախաղեր բեմ կը բարձրանան եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, որովհետեւ ծարաւ կայ թատրոնի:

Թատրոնը հանրային դպրոց է: Թատրոնը հոգիները ազնուացնող եւ սերունդներ պատրաստող բնական կառոյց է:

Թատերասէրներ ունինք տակաւին` անկասկած:

Թատրոնով մտահոգ տղաք ալ կան` վստահաբար:

Կը մնայ ճիգ մը:

Կը մնայ թատրոնը առաջնահերթութիւն նկատել:

Կը մնայ հաւատալ թատրոնի առաքելութեան:

Առանց թատրոնի` բնականաբար պակաս բան մը կը զգանք մեր կեանքին մէջ:

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` թատրոնի վերադարձի հրամայականը անյետաձգելի է այլեւս:

Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով մաղթանքս է, որ լիբանանահայ թատրոնը վերաշխուժանայ եւ այդ մէկը` բոլորիս կամքով ու ճիգով:

Previous Post

The UN throws women under the bus – opinion

Next Post

Հայաստանի Ազգային արխիւը` մէկդարեայ յոբելեանին ընդառաջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.