Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թեհրանի մէջ Փութին-Էրտողան-Ռայիսի վեհաժողով

July 20, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Putin forges ties with Iran’s supreme leader in Tehran talks

Երէկ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի «Ասթանայի ձեւաչափ»-ի վեհաժողովը, որուն բացման ու հրապարակային նիստի ընթացքին Ռայիսի յայտնեց. «Պէտք է յարգել սուրիացիներուն ներքին երկխօսութեան ճամբով իրենց ճակատագիրը ճշդելու իրաւունքը»:

«Ասթանայի ձեւաչափը սուրիական տագնապի խաղաղ լուծումը յաջողցնելու շրջագիծ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Փաստուեցաւ, որ արտաքին լուծումները սուրիական կացութեան բարդացման կը յանգեցնեն»:

Իրանի նախագահը կարեւոր նկատեց «Ասթանայի ձեւաչափ»-ի երկիրներուն միջեւ նախապէս գոյացած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը, ապա խօսքը փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահին, որ ըսաւ. «Այս վեհաժողովին ճամբով առիթ ունինք Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը երաշխաւորող ազդու երկխօսութիւն մը կատարելու. շնորհիւ Ասթանայի հոլովոյթին Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մակարդակը նուազեցաւ, եւ քաղաքական հոլովոյթ ունեցանք»:

«Այս վեհաժողովէն ետք սուրիական քաղաքական երկխօսութեան քայլեր պիտի ունենանք, ինչ որ Սուրիոյ կ՛արտօնէ իր ապագան ճշդելու առանց արտաքին միջամտութեան», յայտնեց ան:

«Մեծ մտահոգութիւն ունինք վտանգներու նկատմամբ, որոնց աղբիւրը Սուրիոյ վարչակարգին վերահսկողութենէն դուրս եղող շրջաններն են», յայտարարեց Փութին` նշելով. «Պէտք է վստահ ըլլանք, որ միջազգային ընտանիքն ու ՄԱԿ-ը Սուրիոյ օժանդակութիւն տրամադրեն առանց քաղաքական նպատակներու կամ նախապայմաններու»:

Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Ասթանայի ձեւաչափի ծիրին մէջ մեր հանդիպումները աւելի կանոնաւոր կերպով պիտի շարունակենք, ինչ որ պիտի արտօնէ սուրիական տագնապի լուծումը»: Ան նաեւ նշեց. «Պէտք է դիմակայել ահաբեկչական կազմակերպութիւնները եւ զանոնք դուրս բերել Սուրիայէն` առանց այդ առնչութեամբ զիջում կատարելու»:

«Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ տարբերութիւն չկայ, անոնք գործունեայ են եւ կը շարունակեն իրենց գործողութիւնները, եւ կը կեդրոնանանք յստակ ու շօշափելի քայլերու վրայ` Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման ու նոր սահմանադրութեան բանաձեւման մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու համար», ըսաւ Էրտողան:

«Թուրքիոյ` Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարժումներուն նկատմամբ լուռ մնալը պէտք չէ ակնկալել, եւ կ՛ուզենք զայն մեծ հեռաւորութեամբ հեռացնել մեր սահմաններէն», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

«Իտլիպի մէջ ներկայ հանդարտութիւնը Ասթանայի ձեւաչափին մէջ մեր աշխատանքին արդիւնքն է, եւ կը ջանանք այդտեղ գտնուող չորս միլիոն գաղթականի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Կը հասկնանք Իտլիպի մէջ կարգ մը կողմերու գոյութեան նկատմամբ մտահոգութիւնը, սակայն կը շարունակենք այդտեղ արմատական լուծումներ գտնելու ջանքը եւ պիտի շարունակենք Թուրքիոյ մէջ կամ մեր սահմաններուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը»:

«Պէտք չէ սուրիացի գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն վերաբերեալ մարդասիրական օժանդակութեան բեռը միայն Թուրքիոյ վրայ ձգել», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Կէս միլիոն սուրիացի գաղթականները կրցան վերադառնալ իրենց երկիրը, եւ վստահ ենք սուրիացիներու կամաւոր վերադարձի փափաքէն»:

Previous Post

Պետական անվտանգութիւնը կը փորձէ ձերբակալել Ռիատ Սալամէն. Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութիւնը եռօրեայ գործադուլ յայտարարեց

Next Post

Oil Prices Unmoved By Small Crude, Gasoline Build

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.