Լ. Շառոյեան (Հալէպ)
Խորհ. Հայաստանի մէջ կար բարի աւանդութիւն մը, որ կանուխէն գրաւեր էր իմ ուշադրութիւնը.- նշե՛լ ապրող գրողներու ծննդեան 70, 60 կամ նոյնիսկ 50 ամեակը, եթէ ոչ յոբելենական հրապարակային ձեռնարկով մը, ապա անպայմա՛ն մամուլի մէջ հրատարակուած մեծարանքի գիրերով ու ողջոյնի համակրական խօսքերով, որոնց կու գային մասնակցիլ յոբելեար մտաւորականին գրչեղբայրները:
Առինքնո՜ղ երեւոյթ:
Միշտ գնահատելի գտած եմ այս քաղաքակիրթ շարժումը ու զայն հակադրած սփիւռքի մեր իրավիճակին, ուր գրողն ու մտաւորականը ընդհանրապէս արհամարհուած են, անտեսուա՛ծ:
Այսօր, դիմատետրի էջերէն կ՛իմանամ, թէ իմ երէց բարեկամը՝ լիբանանահայ բազմաբեղուն մտաւորական պր. Ժիրայր Դանիէլեան բոլորած է իր ծննդեան 80-ամեակը:
Դանիէլեան թէ՛ կրթական մշակ է, թէ՛ խմբագիր, թէ՛ գրականագէտ, թէ՛ մատենագէտ, թէ՛ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպիչ, թէ՛ գրական խորհրդատու, թէ՛ …:
Կ՛արժէր, որ Սուրիա- Լիբանանի մեր գաղութները, ի ներկայութեան յոբելեարին, պատշաճ հանդիսութիւններով նշէին անոր կեանքին այս կարեւոր փուլը ու արժանին ընծայէին գրչի այս աննկուն սպասաւորին, որ ահա՛, աւելի քան կէս դարէ ի վեր ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՀԻՒՍԷ ԹՈՒՂԹԻՆ, կը ծառայէ հայ Տիպ ու Տառին, կը շարունակէ ինքզինք նկատել Մաշտոցի հաւատարիմ ու բծախնդիր հետեւորդը…:
Ժ. Դանիէլեան բանաստեղծ չէ, ո՛չ ալ պատմուածագիր կամ վիպագիր, բայց է՛ այդ բոլորին անաչառ մեկնաբանը, վերլուծաբանը, մատենագէտն ու խրախուսիչը: Բառին ամբողջական իմաստով՝ գրականագէտ մը, հմուտ հայագէտ մը, որուն նմանները այսօր մէկ ձեռքի մատներուն վրայ իսկ կարելի չէ թուել…:
Գրադարանիս մէջ իրենց պատուոյ տեղը ունին պր. Դանիէլեանի թանկարժէք հատորները,- «Հայ նոր պարբերական մամուլը», «Բանասիրական որոնումներ» եւ «Գրական որոնումներ»: Ու անդին՝ գեղատիպ տրցակները իր խմբագրած «Կամար» գրական պարբերականին, որ լիբանանահայ մարմրող գրականութեան վերջին ամպիոններէն մին կը թուի ըլլալ…:
Սիրով ու յարգանքով կ՛ողջունենք մեր երէց գրչեղբայրը, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք իրեն (Պէյրութի նաւահանգիստի անցեալ Օգոստոսի պայթումին՝ լրջօրէն վիրաւորուած էին իր աչքերը), ակնկալելով որ ան դեռ կը շարունակէ իր այնքա՜ն անփոխարինելի ծառայութիւնները լիբանանահայ գրական հրապարակին: