Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան յայտնեց, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց սուրիական լիրային փոխարժէքը 400-ի կը հասնի կրկին, եթէ Սուրիա-Թուրքիա-արաբական երկիրներ սահմանային միջանցքները բնականոն ձեւով բանին։ Ան դիտել տուաւ, որ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց սուրիական լիրայի փոխարժէքին 500-ի հասնիլը մտահոգիչ չէ, որովհետեւ պատերազմի տարիներուն սուրիական տնտեսութիւնը հրաշքի համազօր կայունութիւն ցուցաբերեց, նկատի ունենալով որ պատերազմի հետեւանքով սուրիական լիրային փոխարժէքը անկանխատեսելի անկում կրնար կրել, այնպէս ինչպէս կրեց լիբանանեան լիրան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, մինչդեռ սուրիականը այնքան մեծ անկում չկրեց։
Զաքի «Դրամատունը եւ Ներդրողը» սուրիական թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նկատել տուաւ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին լիբանանեան լիրային կրած անկումը կարելի չէ համեմատել Սուրիոյ 9-ամեայ պատերազմի տարիներուն սուրիական լիրային կրած անկումին հետ: Լիբանանեան լիրային փոխարժէքը օտար դրամանիշերուն դիմաց անըմբռնելի անկում արձանագրեց։ Ամերիկեան մէկ տոլարին դիմաց լիբանանեան լիրային փոխարժէքը 2,5 լիրայէն 3000 լիրայի հասաւ, այսինքն՝ անոր արժէքը 1200 անգամով նուազեցաւ, «իսկ պատերազմի աւարտէն ետք 600 անգամով նուազ մնաց նախապատերազմեան իր արժէքէն՝ հասնելով 1500 լիբանանեան լիրայի: Մինչ օրս ալ լիբանանեան տնտեսութիւնը լիրային վերջին այդ արժէքը պահպանած է»։
Զաքի ըսաւ. «Բացառելով որոշ գործօններ, որոնք իրենց բացասական ազդեցութիւնը ունեցան սուրիական լիրայի փոխարժէքին վրայ, յատկապէս տնտեսական, արդիւնաբերական ենթակառոյցներու քանդումը,- որ Լիբանանի նման կառոյցներու քանդումին քառապատիկն էր գրեթէ,- ապա նկատի ունենալով նաեւ Սուրիոյ քաղաքական եւ տնտեսական շրջափակումին արդիւնքն ու երկրին պարտադրուած պատժամիջոցները, տոլարին դիմաց սուրիական լիրային փոխարժէքը պէտք է հասնէր 54.000 սուրիական ոսկիի, ոչ թէ սոսկ 500-ի, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք՝ 27.000 սուրիական ոսկիի: Ճիշդ այստեղ կը կայանայ սուրիական դրամանիշի փոխարժէքին հրաշալի զօրութիւնը»:
Ան յայտնեց, որ սուրիական տնտեսութիւնը պատերազմի ինը տարիներուն ընթացքին զրկուեցաւ քարիւղէն, կազէն, գիւղատնտեսական եւ արդիւնաբերութեան արտադրութիւններէն, նոյնիսկ դրամական արտաքին փոխանցումներէն եւ մեծաթիւ մարդուժէն, որուն մէկ մասը անգործ մնաց, միւս մասը օտարութեան ճամբան բռնեց, «բայց եւ այնպէս սուրիական տնտեսութիւնը կայուն մնաց պատերազմը հրահրող ու անոր մաս կազմող մեծաթիւ պետութիւններու, յատկապէս համաշխարհային քաղաքական եւ տնտեսական որոշումներ գոյացնող գերտէրութիւններու դաւադրութիւններուն դիմաց»:
Զաքի բարձրօրէն գնահատեց Սուրիական Կեդրոնական Դրամատան որդեգրած քաղաքականութիւնը պատերազմի ողջ տարիներուն ընթացքին, հակառակ անոր պատասխանատու կազմին ուղղուած քննադատութիւններուն: Փաստօրէն դրամատունը յաջողեցաւ կայուն պահել սուրիական ոսկիի փոխարժէքը եւ կանխել անոր թաւալգլոր անկումը, որուն արդիւնքով ընկերային յոռի երեւոյթներ կրնային յառաջանալ եւ պատերազմը յաղթահարելու երկրի իշխանութիւններուն քաղաքական որոշումին դիմադրական ենթահողը տկարացնել:
Ետալեան դրամատան քաղաքականութիւնը կարեւոր գործօն համարեց սուրիական լիրային դիմաց արտարժութային պարտատոմսերու աճը եւ լիրայի փոխարժէքին խախտումը կանխելու առումով՝ շեշտելով որ. «սուրիական լիրայի փոխարժէքին պահպանումը դրամատան պարտքն է: Աւելին՝ անոր կայունութիւնը անհրաժեշտ է տնտեսութեան անիւը վերաբանեցնելու, այլապէս մենաշնորհեալները պիտի տիրեն կացութեան, փտածութիւն ու բազմակողմանի շահագործումները պիտի շարունակուին»:
Լեւոն Զաքի Ետալեան