Յարութիւն Իսկահատեան-Պայքար 110
1918-ի սկիզբը ամէն մարդու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Կարինի վրայ: Այնտեղի հայ պատասխանատուները բացի գողութենէ ու կաշառքէ նաեւ խաղ ու պարի մէջ էին եւ չէին կազմակերպեր քաղաքին պաշտպանութիւնը: Վեր. Արսէն Ա. Կէօրկիզեան իր յուշագիրքին՝ «Մեր Ազգային Գոյապայքարը – 1915-1922, Զուլումի Տարիներ» (հրատարակուած իբրեւ «Զարթօնք»ի թերթօն թիւ 63, Պէյրութ, 1967, միջակ չափի 505 էջ) 226-րդ էջին մէջ կ’ըսէ. «Զօրավար Անդրանիկ միտքը սեւեռած էր Էրզրումի վրայ. «Էրզրումը կորսնցնելէ յետոյ, յաջորդ օրն ալ Կարս բերդաքաղաքը պիտի տանք թուրքերուն» կը հաստատէր Անդրանիկ»: Անդրանիկ վճռած էր մեկնիլ Կարին պաշտպանելու համար քաղաքը: Թիֆլիսի մէջ պաշտօնական թէ անպաշտօն աղբիւրներ անոր կը յուշէին հարցին բոլոր դժուարութիւնները: Սակայն Կարինը փրկելու մղձաւանջը կը մղէր Անդրանիկը անտեսելու քաղաքի դիմադրութեան գործին բոլոր դժուարութիւնները: Ան համոզուած էր թէ Արեւելահայ Խորհուրդը կարողութիւն չունէր թուրքերու յառաջխաղացքին դիմադրելու, ուստի կ’ըսէր. «Կովկասահայութեան հոգին յօժար է պաշտպանելու թուրքերու խլած Հայաստանի արեւմտեան հատուածը, բայց մարմինը՝ տկար»: Ուրեմն ըստ Զօրավար Անդրանիկի իրենց հողերէն բռնագաղթուած արեւմտահայերն էին որ իրենց երկրի պաշտպանութեան գործը պիտի ստանձնէին:
Անդրանիկ Կարին չմտած, հոն քաոս կը տիրէր: Գոյութիւն ունէին զանազան հատուածային «աւատապետութիւններ», ինչպէս Լեւոն Թիւթիւնճեան իր «Յուշեր- վաւերագրական Իրողութիւններ- Արհաւաիրքի Ու Ազատագրական Պայքարի Տարիներէն» (Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հրատ., Պէյրութ, 1975) հատորին 260-269րդ էջերուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ: Քաոսային վիճակ ստեղծողներուն պարագլուխը կը հանդիսանար Աղամալեան անունով անպատասխանատու, անպատիւ եւ կաշառակեր զինուորական մը, որ իր ազդեցութեան տակ առած էր ռուսահայ Կորպուսի Ա. եւ Դ. գունդերը, միասնաբար 4600 զինուոր: Անոր մասին Լեւոն Թիւթիւնճեան կ’ըսէ. «Աղամալեանը թունաւորած էր այդ գունդերը՝ Էրզրումը լքելու եւ ետ քաշուելու գաղափարով: Ու երբ կ’իմանայ Անդրանիկի գալուստը, ան Ա. եւ Դ. գունդերու սպաներուն ու զինուորներուն հրահանգ կու տայ չանսալ Անդրանիկի պէս ոչ զինուորականի մը հրամաններուն»: Ահա այս իրավիճակին մէջ է որ Զօրավար Անդրանիկ իր 1000 հոգինոց գունդով կը մտնէ Կարին փրկելու համար զայն թրքական արշաւանքէն:
Երբ ՍեբաստացիՄուրատ (Մուրատ Խրիմեան կամ Կիւրիկեան, Կովտուն գիւղացի, Սեբաստիա) Երզնկայի ճակատը կը պաշտպանէր, նեղի մնալով կը բանակցի Տերսիմի քիւրտերուն հետ միասնաբար կռուելու թուրքերուն դէմ: Քիւրտերը երբ կը տատամսին անոր առաջարկին պատասխանելու, Մուրատ կը ստիպուի նահանջել 31 Յունուար 1918-ին: Քիւրտերը չէզոք կը մնան եւ արգելք չեն հանդիսանար Մուրատի նահանջի ընթացքին: Սեբաստացի Մուրատ իր ջոկատով կը հաստատուի Կարին: Խմբապետ Սեպուհն ալ դժնդակ պայմաններու ենթարկուելէ յետոյ, Քղիի եւ Բաբերդի իր գունդերով դէպիԿարին կը նահանջէ:
Աղամալեանն ու իր նմանները տէր ու տիրական դարձած էին Կարինի մէջ ռուսերու թողած մթերանոցներուն եւ ամէն տեսակի ապրանք վաճառելով ապօրինի դրամ կը դիզէին: Աւելին՝ Լեւոն Թիւթիւնճեան կ’ըսէ. «Կարինի ճակատին հրամանատար Օտիշելիծէի՝ թուրք զօրավարներէն ոմանց հետ մշակած բարեկամական յարաբերութիւններուն շուրջ յամառ զրոյցներ կը շրջէին Կարինի մէջ»: Միւս կողմէ Ազգային Խորհուրդի կազմած հայկական զինեալ Ա. եւ Դ. գունդերը ըստ Աղամալեանի հրամանին մտադիր չէին կռուելու թուրքերուն դէմ: Անդրանիկ իր կրուողներով առանձին մնացած էր Կարինի ճակատին վրայ: Տակաւին կար ուրիշ հարց մը: Երբ ռուսական բանակը գրաւած էր Կարինը, հոն գտնուող թուրք եւ քիւրտ զինուորները անմիջապէս քաղաքցիական զգեստ հագած էին, ձերբակալութենէ զերծ մնալու համար: Անոնք անպատասխանատու ռուս եւ հայ ղեկավարներու աչքերուն առջեւ ազատ համարձակ կը շրջէին Կարինի մէջ եւ վիճակին մասին կը լրտեսէին՝ տեղեկացնելով թրքական բանակին գաղտնի սպասարկութեան:
Այս բոլորէն Անդրանիկ տեղեակ էր, սակայն ան Կարին հասնելէ ետք միայն կ’ըմբռնէ թէ ի՞նչ կը նշանակէ ստանձնել պաշտպանութիւնը «քաղաքի մը, որուն թնդանօթներուն եւ բերդերուն մէկ մասը անգործածելի դարձած էր, ձիւնին մէջ թաղուած ըլլալուն համար»: Ոչ խնամող կար ոչ ալ հոգ տանող գոյութիւն ունեցող զէնքերուն: Բերդերուն շուրջ ծուարած քառասունի մօտ ռուս սպաներ չէին ուզեր կռուիլ: Անոնց պատասխանատու գնդապետը՝ Ճանփոլատեան չէր զբաղած իր պաշտօնով եւ ամէն բան անխնամ ձգած էր:
«Անդրանիկ, սակայն, դիւրին կերպով յուսահատող մարդ չէր: Անոր առաջին մտածումը կ’ըլլայ այցելել բերդերն ու ամրութիւնները եւ գաղափար կազմել նաեւ ներքին ապահովութեան մասին», կ’ըսէ Վեր. Կէօրկիզեան: Կարինի հայ բնակչութիւնը բռնագաղթուած էր, սակայն թուրքերը իրենց տեղերը մնացած էին նոյնիսկ ռուսական գրաւումէն ետք: Թուրք զինուորներ, որոնք կը պատկանէին թրքական բանակի Դ. Զօրագունդին, քաղաքային զգեստներով կը շրջագայէին ամէն կողմ: Անոնց թիւը կը հասնէր 25 հազարի, բացի թուրք քաղաքային բնակչութենէ:
Վերոյիշեալ բոլոր ժխտական ազդակները պատճառ կը դառնան Կարինէն ընդհանուր հայկական նահանջին: Անկարգ հայերն ու անպատասխանատու ռուս զինուորականները արգելք կը դառնան Զօրավար Անդրանիկի քաղաքը պաշտպանելու համար թափած վերջին ճիգերուն, այսպիսով բազմապատկելով իրենց դաւաճանութեան տարողութիւնը:
Վեր. Ա. Կէօրկիզեան կ՛ըսէ թէ Անդրանիկ Կարինի կացութեան դժնդակ մէկ պահուն «Գնդապետ Բեժանբեկովը կանչած էր Սարիղամիշէն Ա. եւ Դ. գունդերու վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան համբաւը իմանալով, որպէսզի ստանձնէր անոնց հրամանատարութիւնը եւ… զանոնք համոզէր գէթ չթողուլ ճակատը մինչեւ հայոց երկրապահ զօրքին հասնիլը եւ դիրքերուն վրայ զիրենք փոխարինելը»: Վեր. Կէօրկիզեան կ՛աւելցնէ թէ Ա. եւ Դ. գունդերու զինուորները քաջեր էին որոնք չէին ուզեր կռուիլ պարզապէս խաբուած ըլլալով իրենց դաւաճան ղեկավարներու խօսքերով: 23 Փետրուար 1918-ին Բեժանբեկով հեռաձայնով հանգստացուցած էր Զօր. Անդրանիկը թէ ճակատը լաւագոյն դրութեան մէջ էր եւ զօրքին կռուելու տրամադրութիւնը բարձր էր: Բեժանբեկով պարզապէս ստած էր Զօրավարին իր դաւաճանական ծրագիրը յաջողցնելու համար: Յաջորդ օրը՝ 24 Փետրուարին սկսած էր հայոց խուճապահար նահանջը որովհետեւ Ա. եւ Դ. գունդերը Բեժանբեկովի հրամանով ճակատէն քաշուած էին:
Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան կ’ըսէ. «Անդրանիկ կ’ըմբռնէր թէ թուրքերը ներսէն պաշարած էին հայերը: Հայոց ներքին քաոսը արդէն ջլատիչ էր: Անդրանիկին տեղը եղող որեւէ մէկը պիտի յուսահատէր: Բայց Անդրանիկ յուսահատողներէն չէր. թէեւ ժամանակը սուղ էր եւ ինք ամէն բան կարգի դնելու համար՝ միս-մինակ: Բայց այս կողմէն ալ ճիգ մը անհրաժեշտ էր՝ ապահով պահելու համար թիկունքը, եթէ միայն Կորպուսի Ա. եւ Դ. գունդերը դիմադրէին եւ իրեն թոյլ տային շունչ առնել ու թիկունքը ապահովել»:
Կարինի մէջ գաղտնի կը գործէին տխրահռչակ իթթիհատական Հագգը փաշան իր լրտեսական ցանցով: Անոր կ’օժանդակէին Պաքուի «Իսլամ Բարեգործական Միութեան» լիազօրի դիմակին տակ գործող յայտնի մուսավաթական Սեիտոֆը եւ ուրիշ թրքօ-թաթարներ: Անդրանիկ կարողացած էր հակալրտեսական յաջող գործունէութեամբ քակել անոնց հանգոյցները: Ան կը յաջողի ձերբակալել ու բանտարկել ամբողջ ցանցը, բացի Սեիտոֆէն, զոր Զաւրիեւ իր պաշտպանութեան տակ կ’առնէ ու զայն անվտանգ Թիֆլիս կը հասցնէ:
Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան թուրքերու կողմէ Հայաստանի արեւմտեան հատուածի գրաւման մասին կ՛ըսէ. «Էրզրումի անկման եւ Արեւմտեան Հայաստանի կորուստին տպաւորութիւնը սարսափելի կերպով կը ճնշէ ամբողջ հայութեան վրայ»:
Այսպէս, անգամ մը եւս թշնամին ներսէն կը գործէր իսկական հայկական շահերը պաշտպանողներուն դէմ, այս պարագային Զօր. Անդրանիկը: Ռուսերը տարուած էին յեղափոխութեան խանդավառութեամբ եւ հայոց ու Հայաստանի վիճակին մասին դոյզն չափով իսկ մտահոգուած չէին: Ռուս զինուորներէն շատերը արդէն տուն վերադարձած էին: Մնացեալները իրենց վերադարձի ճամբուն վրայ ինչ որ կարենային կորզել այդ մէկը յաւելեալ շահ մը կը սեպէին: Ներքին թշնամին աւելի հատու զէնք ունէր քան արտաքինը: Հայերէն շատերը նեղ կուսակցական, եսասիրական, շահամոլական ու պատեհապաշտական մօտեցում ունէին Կարինի պաշտպանութեան հարցին շուրջ, որ բացայայտօրէն հակահայրենասիրական, հակազգային ու դաւաճանական էր: Ուրիշներ անտարբերութեամբ ու անհոգութեամբ կը մօտենային այդքան կարեւոր հարցի մը:
Դարերով օտարներու լուծին տակ ապրած հայը հոգեպէս ստրկացած էր եւ տեսնելով որոշ հայերու կողմէ նիւթուած հակահայ դաւադրութիւնները, իր գլուխը ազատելու ջանքով կը գոհանար հայրենիքէն դուրս նոյնիսկ խուցի մը չափ վայրի մը մէջ ապրելու հիւանդագին հոգեբանութեամբ: Հայ զինուորներու մեծամասնութիւնը չէր ըմբռնէր Զօրավար Անդրանիկի ջանքերուն եւ գործերուն վսեմ հայրենասիրութեան եւ տոկուն կամքին գաղտնիքը: Կովկասի մէջ ապահով անկիւն մը ծուարելու գաղափարը կլանած էր իր վերադասներուն պարտուողական գործելակերպը տեսնող հայ զինուորին ուշքն ու միտքը եւ չէր թողուր որ ան կռուի մղուի դարաւոր թուրք թշնամիին դէմ: Հետեւաբար Զօր. Անդրանիկի խիստ կեուածքը ամէն տեսակ հակազգային պարտուողականութեան ու պատեհապաշտութեան դէմ արդարացի էր: