ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յուլիս 27-ին հիւրընկալեց լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեանն ու անոր տիկինը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակը։
Յարութիւն Թորոսեան ծնած է 1933թ. Պէյրութ: Ուսանած է Փարիզի Ազգային բարձրագոյն գեղարուեստի դպրոցին մէջ, այնուհետեւ` Ժիւլենի ակադեմիային: Կը ստեղծագործէ կրաֆիքի, գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ժանրերով: Անոր աշխատանքները տեղ գտած են նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ:
Օրերս Յարութիւն Թորոսեան Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին նուիրար էր հայկական դրամներու իր բացառիկ հարուստ հաւաքածուն, որ բաղկացած է հին մետաղադրամներու եւ թղթադրամներու 168 նմուշներէ եւ ուշադրութիւն կը գրաւէ Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ Երկրորդի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջաններու հազուագիւտ դրամներով, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մեծի մատանիի ակաթէ քարը` արքայի դիմաքանդակով:
Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Յարութիւն Թորոսեանին իր հայրենանուէր քայլին համար եւ հաւաստիացուց, որ սփիւռքահայերու կողմէ Հայրենիքի համար իրականացուող իւրաքանչիւր գործ ըստ արժանւոյն կը գնահատուի նախարարութեան կողմէն: «Այս իմաստով մեծապէս գնահատելի է ձեր նուիրատւութիւնը, եւ այն կարող է օրինակ դառնալ ու ոգեւորել այլ սփիւռքահայերի»,– նշեց նախարարը եւ տեղեկացուց, որ գեղանկարչութեան ասպարէզին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար՝ Յարութիւն Թորոսեան պարգեւատրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Գորկի» մետալով:
Յուզումով ու երախտագիտութեամբ ընդունելով նախարարութեան պարգեւը` Յարութիւն Թորոսեան ըսաւ,- «Մենք դժբախտութիւն ունեցած ենք ապրելու Հայաստանէն հեռու, սակայն մեր մտածումները մշտապէս կապուած եղած են Հայրենիքի հետ: Վերջին տարիներուն ակնդէտ հետեւած ենք Արցախի ազատագրական պայքարին, ոգեւորուած եւ հպարտացած ենք, միեւնոյն ժամանակ մեծ ցաւ ապրած ենք, որ այդ պայքարին մէջ զոհուած են բազմաթիւ երիտասարդներ: Ինծի մշտապէս կը հետապնդէր այն հարցը` թէ ես ի՞նչ կրնամ ընել Արցախի համար: Եւ մտածեցի երկար տարիներու ընթացքին հաւաքած դրամներու հարուստ հաւաքածուն նուիրել Արցախին` իբրեւ անոր հանդէպ մեծ սիրոյ եւ գուրգուրանքի վկայութիւն»:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայ մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր: