Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցող սուրիացի քաղաքացիները, որոնք խանդավառութեամբ կ՛ուղղուէին դէպի սուրիական դեսպանատուն` կատարելու համար քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը, ենթարկուեցան խոշտանգումի:
Փոխադրատարներով դէպի դեսպանատուն առաջնորդուող սուրիացի քաղաքացիները, որոնք կը կրէին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի լուսանկարներն ու Սուրիոյ դրօշները, յարձակումի ենթարկուեցան լիբանանցի երիտասարդներու կողմէ, որոնք շատ հաւանաբար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներ էին:
Հիմնական միջադէպերը պատահեցան Եսուհ Մալաքի մայրուղիին եւ Սեսին հրապարակին վրայ, ինչպէս նաեւ Սաատնայելի մէջ:
Նահր Քալպի մայրուղիին վրայ սուրիացի քաղաքացիներու ինքնաշարժներու շարասիւնը ենթարկուեցաւ յարձակումի` լիբանանցի երիտասարդներու կողմէ:
Սեսինի հրապարակին վրայ լիբանանցի երիտասարդներ կոտրտեցին ինքնաշարժ մը, որուն մէջ սուրիական դրօշակ զետեղուած էր: Հրապարակին վրայ համախմբուեցան երիտասարդներ, որոնց ներկայութեան պատճառով շրջան փութացին մեծ թիւով ապահովութեան ուժեր:
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ դեսպանատան մէջ մասնակցեցաւ քուէարկութեան եւ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն սուրիացի քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը պէտք է ուրախացնէ լիբանանցիները` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականները կը փափաքին տունդարձ կատարել:
Ան նշեց, որ սուրիացի քաղաքացիներուն խոշտանգումը ցաւալի է` աւելցնելով, որ այդ արարքը լիբանանցիներուն վայել չէ:
«Դեսպանատան իրաւաբանէն պահանջեցինք դատական հայց յարուցել սուրիացի քաղաքացիները խոշտանգողներուն դէմ», ըսաւ ան:
Ալի շեշտեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան տեւողութիւնը, որ սկզբունքով պիտի աւարտէր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երկարաձգուած է մինչեւ կէս գիշեր:
Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ հետեւեցաւ սուրիացի քաղաքացիներու խոշտանգումի դէպքերուն: Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ: Մշարրաֆիէ խստիւ դատապարտեց սուրիացի քաղաքացիներուն դէմ գործուած արարքները եւ կոչ ուղղեց պատկան մարմիններուն` անոնց դէմ խիստ միջոցառումներ որդեգրելու: «Սուրիացի քաղաքացիները իրենց օրինական իրաւունքը կը գործադրեն` մասնակցելով իրենց երկրին նախագահական ընտրութիւններուն: Անոնց պաշտպանութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է», ըսաւ ան:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հետեւեալ խօսքը ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին. «Կրակով մի՛ խաղար: Ժողովուրդին դէմ յարձակիլը եւ զանոնք խոշտանգելը կարմիր գիծ է եւ կրնայ սուղ արժել»:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ խաղաղ ընտրութեան գացող գաղթականները խոշտանգողը նացի է:
Ղովմի կուսակցութիւնը զգուշացուց սուրիացիները թիրախ դարձնելէ` ընդգծելով, որ այդ քայլերուն նպատակն է կարգ մը շրջաններու մէջ ապահովական, համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւն հրահրել: