Լիբանանի տնտեսական տագնապին, սղաճին եւ հիմնականին մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին եւ կայուն պաշտօնական սակ գոյութիւն չունենալու իրականութեան դիմաց, լիբանանեան ժողովրդային շարժումին կազմակերպութեամբ, երէկ գիշեր ամբողջ երկրին տարածքին արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր:
Այդ ցոյցերը կատարուեցան լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Կեդրոնական Պէյրութի, Ժալ էլ Տիպի, Զուքի, Սայտայի, Նապաթիէի եւ Թրիփոլիի:
Ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին Ռինկի կամուրջը, Կեդրոնական Պէյրութը, Նահատակաց հրապարակը, Ռիատ Սոլհի հրապարակը, Սայֆին, Շեւրոլէն, Ժալ էլ Տիպի, Զուք Մուսպեհի եւ Ղազիրի մայրուղիները, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Սայտայի Էլիա հրապարակը, Նապաթիէն, հարաւային Լիբանանի Շհապիէ մայրուղին, ինչպէս նաեւ Համրայի փողոցը` Կեդրոնական դրամատան դիմաց:
Խանտաք Ղամիքէն դուրս եկան մեծ թիւով երիտասարդներ, եւ հակառակ ամէն անգամուան նման ցուցարարներուն եւ անոնց միջեւ արձանագրուած բախումներուն, անոնք միացան Ռինկի կամուրջին վրայ գտնուող ցուցարարներուն եւ անոնց հետ միասին բողոքեցին սղաճին ու տնտեսական տագնապին դէմ:
Հարաւային արուարձաններու Մշարրաֆիէի շրջանին մէջ տնտեսական տագնապին եւ ապրուստի դժուար պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ: Ցուցարարները բողոքեցին տիրող տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին դէմ եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ արձակեցին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ:
Կէս գիշերին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն վրաններուն մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որուն կ՛ուզէին մօտենալ կարգ մը ցուցարարներ:
Լիբանանեան բանակը արգիլեց ցուցարարներուն` մօտենալ հրդեհին ուղղութեամբ, որպէսզի առիթ տայ Պէյրութի հրշէջներու ջոկատին` հակակշիռի տակ առնելու զայն:
Սակայն ցուցարարները յամառեցան, եւ այդ պատճառով ալ բախում սկսաւ բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ: Անոնք քարկոծեցին բանակը եւ բանակայինները պայթուցիկներու թիրախ դարձուցին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ բանակը հեռանայ Ռիատ Սոլհ հրապարակէն:
Բանակին փոխարէն հրապարակ հասան Ներքին ապահովութեան ուժերու խափանարարական արարքներու դէմ պայքարի յատուկ ջոկատը, որ արցունքաբեր կազեր տեղացուց ցուցարարներուն դէմ եւ կրցաւ ցրուել զանոնք:
Ցրուած ցուցարարները առաւօտեան ժամը 1:00-ին հասան խորհրդարանի մուտքերէն մէկուն, ուր անոնք դարձեալ ենթակայ եղան արցունքաբեր կազերու ու ձգախէժէ փամփուշտներու եւ հեռացան այդ մուտքէն` շարունակելով մնալ փողոցին մէջ:
Ցուցարարները քանդեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող մեծ թիւով վաճառատուներու ցուցափեղկեր, ինչպէս նաեւ ներխուժեցին «Պլոմ» դրամատուն, ուր հրդեհ մը բռնկեցուցին:
Թրիփոլիի մէջ ցուցարարները իրենց կարգին խափանարարական արարքներ գործեցին: Անոնք քանդեցին Թրիփոլիի Արաբական դրամատան արտաքին դռները, մուտք գործեցին դրամատուն եւ հրկիզեցին զայն:
Արձանագրուեցան մեծ թիւով վիրաւորներ, որոնցմէ 8-ն փոխադրուեցան հիւանդանոց, իսկ 33 վիրաւորներ տեղւոյն վրայ դարմանուեցան:
Նշենք, որ վարչապետ Հասսան Տիապ ջնջեց այսօրուան իր բոլոր ժամադրութիւնները եւ կառավարութիւնը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի սկսի վարչապետարանին մէջ առաւօտեան ժամը 9:30-ին եւ պիտի շարունակուի նախագահական պալատին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:
Ըստ «Էլ. Պի. Սի.»-ի, Տիապ կառավարութեան առաւօտեան նիստին հրաւիրած է լումայափոխներու սենտիքան: