ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՐԱՃԵԱՆ -ԲԱԶԷ
Ծաղկազարդ է այսօր, Տէ’ր,
Ճամբուդ վըրայ ծաղիկներ
Պէտք էր ցանել ու կապել
Կամարներ գեղադալար
Ու նուագել բազմալար
Եղանակներ ցնծութեան
Երկնային փառքիդ արժան:
Փառքի’դ, որ խաղաղութեան
Երաշխիքն է տեւական…
Բայց Տէ’ր, չունինք մենք վարդեր
Կամ ծաղիկներ բուրալի,
Ո’չ ալ ծառեր արմաւի:
Տե’ս, երկիրն է մեր աւեր,
Ու ծառերն են ածխացած,
Ծաղիկները թառամած.
Մանուկներն իսկ, որ այնքա˜ն
Սրտիդ մօտիկ են եղած,
Ծերացած ու արնաքա’մ
Զենումի են սահմանուած:
Արեան հոտը ամէն տեղ
Կը տարածուի մեր վերեւ.
Կը յածի սասուռ մ’ահեղ
Երկինքին տակ մեր անարեւ:
Ի’նչ որ ունինք մենք հիմա,
Արիւնոտ սիրտ մ’է միայն
Եւ հաւատը Յարութեան,
Որ կը բերենք քեզ ընծայ:
Իջի’ր ցած, Տէ’ր, վըտարէ’
Այս Տաճարէդ Սրբազան
Բորենինները համայն,
Որ նախճիրն այս չաւերէ
Ժողովուրդին վշտակիր
Հոգիները, որ, գիտցի’ր,
Կը յուսայ թէ Յարութեան
Զանգերը պիտ’ արթննան:
12/4/1981