Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ նախագահ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնած է կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպի կատարած այն առաջարկին, որ պաքալորէայի պետական քննութիւնները ջնջուին եւ 2019-2020 դպրոցական տարեշրջանն ու համալսարաններու դասաւանդութիւնը աւարտին հեռակայ կարգով դասաւանդութեամբ:
Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան եւ «Սոնաթրաք» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած աշխատանքային պայմանագիրը շարունակուի:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը աւելի խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրէ` քաղաքացիներուն կողմէ լրջութիւն չցուցաբերուելու պարագային:
Ան նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը տակաւին որոշում չէ տուած մարզադաշտերն ու մարզական ակումբները վերաբանալու առումով` նկատի ունենալով տակաւին տիրող վտանգաւոր կացութիւնը:
Ապտել Սամատ հաստատեց, որ կառավարութիւնը նշանակումներու ոչ մէկ հարց քննարկած է` ներառեալ Պէյրութի նահանգապետի նշանակումի հարցը:
Ապտել Սամատ նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծած է փտածութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ կատարուող դատական հետաքննութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ հետաքննութիւնները պէտք է իրենց աւարտին հասցնել` ի՛նչ մարզի կամ ի՛նչ թղթածրարի, որ անոնք վերաբերին:
«Նախագահ Աուն Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի կատարուի կառավարութեան նիստէն ետք», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Տիապ իր կարգին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը թեթեւի չառնեն:
«Վարչապետ Տիապ կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն աւելի խիստ միջոցներ որդեգրելու եւ ընդգծեց, որ եթէ քաղաքացիները շարունակեն տիրող կացութեան նկատմամբ անլուրջ վերաբերում ցուցաբերել, ապա կառավարութիւնը պիտի դիմէ արտակարգ միջոցառումներու` կանխարգիլելու համար կացութիւնը հակակշիռէ դուրս բերելու հաւանականութիւնը: Վարչապետը շեշտեց, որ ժողովուրդին կեանքը տնտեսութենէն աւելի կարեւոր է», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Նշենք, որ նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան նիստին օրակարգը:
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կ՛առաջարկէ
Ընդհանուր Զօրաշարժը Մինչեւ 7 Յունիս Երկարաձգել
Ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ զօր.Միշել Աունի հրաւէրին` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` կառավարութեան գումարած նիստէն ետք:
Նախագահ Աուն նախագահեց նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ շարք մը նախարարներու, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կառոյցներու պետերուն եւ բանակի հրամանատարին:
Նիստէն ետք խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար շեշտեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Լիբանանի մէջ ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը երկարաձգուի մինչեւ 7 յունիս 2020, եւ այս առաջարկը կը փոխանցէ կառավարութեան:
Ասմար հաստատեց նաեւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ յաւելեալ խստութիւն բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելով հանդերձ երկիրը մասնակի կերպով վերաբանալու կառավարութեան որոշումը:
Ասմար անդրադարձաւ նաեւ, որ նիստին ընթացքին առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան անդրադարձած է կարգ մը ժխտական արդիւնքներու, որոնք կը մղեն երկարաձգելու ընդհանուր զօրաշարժը:
Ասմար նշեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիին պարտականութիւն տուած է Ֆիթրի տօնին համապատասխան միջոցառումները որդեգրելու: