«Էլ.Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ մեկնեցաւ Սուրիա, ուր սուրիական իշխանութիւններուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնց մէջ ընդգրկուեցան ապօրինի անցքերէն կատարուող մաքսանենգումը եւ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքացիներուն երթեւեկը` «Քորոնա»-ի համաճարակին լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Ապպաս Իպրահիմ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիին յանձնած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ յղուած նամակ մը:
Նոյն աղբիւրը նշեց, որ Իպրահիմ նամակը անձամբ յանձնած է Քազիմիի, Պաղտատի մէջ: