«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատուիրակութիւնը այցելեց ՍԴՀԿ կեդրոն եւ տեսակցեցաւ կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ: Շտապը ներկայացուց նախաձեռնութեան հրամայականը եւ աշխատանքային ծրագիրը` շեշտելով անոր համագաղութային բնոյթը: ՍԴՀԿ-ի պատասխանատուները իրենց հերթին զեկուցեցին Պէյրութի հայահոծ թաղամասերու բնակիչներուն դիմագրաւած խնդիրներուն մասին: Օգտակար նկատուեցաւ զարգացնել գործակցութիւնը` ներկայ դժուարին պայմաններէն անվտանգ դուրս գալու համար:
Ապա Շտապի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ահրամճեան կեդրոն եւ տեսակցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Մօտէն ծանօթանալով ՀԲԸՄ-ի դարմանատան աշխատանքներուն` Շտապի անդամները շեշտեցին կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան աշխատանքները համակարգելու անհրաժեշտութիւնը: