ԵՐԵՒԱՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- «Հերիթեճ» (Heritage) հիմնարկի «Տնտեսական ազատութիւններ» զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանը 2018ին չափաւոր ազատ երկիր ճանչցուած է:
44րդ տեղը գրաւած Հայաստան յառաջ անցած է Լեհաստանէն, Պելճիքայէն եւ Հունգարիայէն՝ զիջելով զարգացած Արեւմտեան երկիրներուն:
Ըստ հիմնարկի վերլուծաբան Թորի Ուայթինկի՝ զեկոյցը պատրաստողները նկատի առած են օրէնքի գերակայութիւնը, կառավարութեան կողմէ իրականացուող տնտեսութեան կարգաւորման աստիճանն ու շուկայի ազատութիւնը:
«Հայաստանը ունի նոյն հարցերը, որոնք բնորոշ են Արեւելեան Եւրոպայի բազմաթիւ երկրներու համար, երբ հարցը կը վերաբերի կառուցուածքային բարեփոխումներու եւ օրէնքի գերակայութեան: Այդ օրէնքի գերակայութեան եւ դատական անկախութեան անբաւարար մակարդակն է այն կարեւոր բաժանարար սահմանը, որ կը տարբերէ իրական զարգացած երկրները զարգացողներէն», կ՛ըսէ Ուայթինկ:
Նախկին խորհրդային երկիրներէն ցուցակի առաջատարներն են մերձպալթեան պետութիւնները եւ Վրաստանը: Անոնց կը հետեւին Հայաստանը, Ղազախստանը եւ Ատրպէյճանը, որոնք յայտնուած են տնտեսապէս չափաւոր ազատ պետութիւններու ցուցակին մէջ: