ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին, Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ) շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԳՄ ամէնամեայ եւ «Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեաններ» հիմնադրամի կողմէ սահմանուած մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
ՀԳՄի ամէնամեայ մրցանակաբախշութեան անուանակարգերը մեր մեծ գրողներու անունները կը կրեն: Յովհաննէս Թումանեանի անուան մրցանակը յանձնուեցաւ գրականութեան մէջ մեծ վաստակ ունեցող գրող Նորայր Ադալեանին:
Դերենիկ Դէմիրճեանի անուան մրցանակին արժանացաւ Ռոլանտ Շառոյեան: Աւետիք Իսահակեանի անուան մրցանակը բանաստեղծութեան անուանակարգին մէջ ստացաւ Սամուէլ Կոսեան: Միքայէլ Նալբանդեանի անուան մրցանակը հրապարակախօսութեան բնագաւառին մէջ յանձնուեցաւ Տիգրան Նիկողոսեանին եւ Գրիգոր Ջանիկեանին: Նիկոլ Աղբալեանի անուան մրցանակը գրականագիտութեան ասպարէզին մէջ ստացաւ ԵՊՀ բանասիրական բաժինի Հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Սամուէլ Մուրադեան՝ Յովհաննէս Շիրազին նուիրուած մենագրութեան համար: Մրցանակներու արժանացան նաեւ արձակագիրներ Ալիս Յովհաննիսեան, Դիանա Համբարձումեան, Արեւշատ Աւագեան, Սուրէն Մուրադեան, Թորոս Թորանեան եւ այլք:
Այս տարի հաստատուած նոր՝ Յովհաննէս Խան-Մասեհեանի անուան մրցանակը թարգմանութեան ասպարէզին մէջ ստացաւ Արամ Արսէնեան: