ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան մօտեցումները` վերսկսելու խաղաղ բանակցային գործընթացին, որուն մասին անդրադարձան իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ:
Ըստ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան` համանախագահներուն յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան բանալին ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ եւ մնայուն կարգաւորումն է:
«Մայիսի 12ից սկսած Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ադրբեջանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումների ներթափանցումը եւ վերջին օրերին Հայաստանի պաշտպանական դիրքերի վրայ յարձակումները յանգեցրել են իրավիճակի սրմանը: Հայաստանը մշտապէս հանդէս է եկել իրավիճակի դէ-էսկալացիայի (ապամագլցումի) դիրքերից եւ այս առնչութեամբ կատարել է ճշգրիտ առաջարկներ, մասնաւորապէս` յետ քաշել զինուորական ստորաբաժանումները Մայիսի 11ի դրութեամբ առկայ ելման դիրքեր: Վստահ ենք, որ Ադրբեջանի գործողութիւններին հասցէական գնահատականը կը նպաստի ստեղծուած պայթունավտանգ իրավիճակի յաղթահարմանը», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ համանախագահները կոչ ուղղած էին Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ հանդարտեցնելու իրավիճակը, ձեռնպահ մնալու սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, ամբողջութեամբ կատարելու 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան եւ զինադադարի համաձայնեցման այլ պայմանաւորուածութիւնները, կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալու բանակցութիւններուն՝ իրենց հովանիին տակ: