Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի գլխաւոր մարզիչ Յաբեթնակ Կուրղինեան դժգոհ է Հայաստանի ախոյեանութեան մասնակցող ըմբիշներուն թիւէն:
«Հայաստանի ախոյեանութեան մէջ ես տեսայ որակական փոփոխութիւն: Երիտասարդ ըմբիշները սկսած են աւելի լաւ մասնակցիլ: Սակայն ինծի համար անբաւարար է ախոյեանութեան մասնակցողներուն թիւը՝ 70 ըմբիշ: Համեմատելով նախորդ տարիներու հետ՝ հետզհետէ կը նուազի մասնակիցներուն թիւը». Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Կուրղինեան:
Հայաստանի հաւաքականը 9 յունուարին ուսումնամարզական հաւաքը պիտի սկսի , Ծաղկաձորի մէջ: