28-29 նոյեմբերին Հայաստանի Ազգային գրադարանին կազմակերպած «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործին մէջ. ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» նիւթով գիտաժողովը երկու օրուան ընթացքին քննարկեց հայ մամուլի պատմութեան, մատենագիտութեան, օտար-հայատառ մամուլի բովանդակութեան եւ հայ տպագիր մամուլի ներկայ իրավիճակին վերաբերող խնդիրներ:
«Ազդարար»-ի հիմնադրութեան 225-ամեակին առիթով կազմակերպուած գիտաժողովի կազմը Հայաստանի Ազգային գրադարանի գիտաշխատողներուն առընթեր համալրած էին մամուլի պատմութեան մասնագէտներ, մատենագէտներ, գրադարանավարներ, խմբագիրներ եւ թուանշային ոլորտի տեղեկագէտներ` Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն:
Գիտաժողովին զեկուցում ներկայացուց «Ազդակ»-ի տնօրէնը` «Ժամանակակից տպագիր մամուլի դիմագրաւած հարցերը` տեղեկագիտութեան նորագոյն զարգացումներուն դիմաց» նիւթով: