ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 20 Ապրիլին առցանց հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացի վերջին զարգացումները:
Արտաքին գործոց նախարար Մնացականեան անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններուն։
Կողմերը ընդգծեցին «Քորոնա» ժահրին դէմ համաշխարհային պայքարի ծիրին մէջ զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման հրամայականը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան ստեղծուած պայմաններուն մէջ աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովման քայլերուն ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ, համաձայնութիւն գոյացաւ 21 Ապրիլին կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առցանց հանդիպումը՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։