ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի իր կատարած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնցմէ առաջինը կառավարութեան աշխատանքն է, որ փաստած է իր յաջողութիւնը` «Քորոնա»-ի համաճարակին դիմակայելու առումով, ինչպէս նաեւ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ առողջապահական իրավիճակը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով:
«Քննարկեցինք նաեւ ելեւմտական-տնտեսական հարցը, ուր յապաղումներ կը նշմարուին` կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին իմաստով: Կը մաղթենք, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին կարենայ մեկնարկը կատարել ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումի նոր ծրագիրին, որ ամբողջութեամբ հեռու ըլլայ «հերքաթ»-ի վրայ հիմնուած նախորդ ծրագիրէն:
«Պահանջուածը այնպիսի ծրագիր մըն է, որ կարողութիւն կ’ունենայ պայքարելու փտածութեան դէմ, Լիբանան վերադարձնելու իւրացուած գումարները, ինչպէս նաեւ գործադրելու օրէնքները: Խորհրդարանի նախագահին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան համար կարեւորագոյնը օրէնքներու գործադրութիւնն է: Կան աւելի քան 50 օրէնքներ, որոնց մէջ առկայ են փտածութեան դէմ պայքարի եւ իւրացուած գումարներու վերադարձի օրէնքներ, որոնք չեն գործադրուած` ոչ նախորդ կառավարութիւններուն, եւ ոչ ալ ներկայ կառավարութեան կողմէ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան ընդգծեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ քաղաքացիին ապրուստին վերաբերող հարցեր` հաստատելով բոլորին միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, «որովհետեւ քաղաքացիին օրուան հացը սրբութիւն սրբոց է: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, կը շեշտենք, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է վաւերացնէ ամէնէն աւելի աղքատ ընտանիքներուն տրամադրուելիք օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ պէտք է միջոցառումներ որդեգրէ` բանեցնելու համար կարգ մը գործարաններ եւ օժանդակելու երկրագործներուն», նշեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահը, Հայկական երեսփոխանական պլոքն ու Դաշնակցութիւնը կը մաղթեն, որ քաղաքական բոլոր ուժերը հեռու կը մնան քաղաքական բանավէճերէն ու ցեխարձակումներէն: «Այսօր աշխատանքի եւ իրերօգնութեան ժամանակն է, հետեւաբար պէտք է քաղաքական բանավէճերէն հեռու մնալ եւ իրարու օժանդակել: Շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուինք, ուստի պէտք է զերծ կացուցենք քաղաքական յաւելաբանութիւնները, որովհետեւ բոլորս կը գտնուինք քաղաքական համագործակցութեան հրամայականին դիմաց: Քաղաքական բանավէճը չ’օգներ, այլ վնաս կը հասցնէ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: