Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայերէնը կը զուարճանայ (79)

June 15, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ  ԵՂԻԱՅԵԱՆ  

1.Բառաստեղծական

           Անդրադարձա՞ծ  էք երբեւէ,  թէ  աւելի շատ բանաստեղծ ունեցած ենք, քան թէ  բառաստեղծ. պատճա՞ռը… որովհետեւ աւելի դիւրին է  բա՛ն   ստեղծել,– օրին մեզմէ ո՞վ չէ ստեղծած,– քան թէ բա՛ռ ստեղծել: Այլ հարց, թէ շատ-շատեր կէս ճամբէն ետ կը դառնան, որովհետեւ իրենք ալ կ’անդրադառնան, որ բան մը կը պակսի իրենց… ստեղծած բանին:

Պարոյր Աղպաշեան այն հազուագիւտ երախտաւորներէն է, որ շուրջ կէս դարէ ի վեր նուիրուած է այս վսեմ առաքելութեան եւ անշեղօրէն կը հետապնդէ զայն:

Ստորեւ  կը գտնէք համեստ փունջ  մը անոր ստեղծագործութիւններէն: Կը պահենք բառերուն ձեւաբանական կարգերը՝ թիւը եւ հոլովը, որոնք այլապէս բարացուցական են:

–անգլուխութիւն, տարտամոտ

–առանցգականութիւններէն

–բազմակոտորակումներէն

–բաժնեմասնակցութիւնները

–ըմբոստախառն կամ ըմբոստաշունչ

–թրքադրածոյութիւն

–ինքնահաշուենկատութիւններու

–ինքնամիացումէն

–հակագոյավիճակներով

–համագոյավիճակներով

–հակակողմնորոշումներով

–տեսադաշտութեամբ

  1. Գոյակեցութիւն (ա)

Այս մէկը ունի իր պատմութիւնը, որ կը փութամ դարձնել ձեր սեփականութիւնը:

Ուրեմն, որքան կը յիշեմ, մօտաւորապէս 40−45 տարի առաջ էր, երբ առաջին անգամ անոր հանդիպեցայ   Պարոյր Աղպաշեանի գրիչին տակ:  Այնուհետեւ յաճախ կրկնուեցաւ ան: Այն օրերու նեղ պայմաններուն մէջ հազիւ մէկ տրամադրելի բառարանի օգնութեամբ փորձեցի իմանալ  նշանակութիւնը ու վերծանել զայն կրող նախադասութիւններուն իմաստը,  բայց ոչ մէկ անգամ յաջողեցայ: Աւելի ուշ դիմեցի այլ բառարաններու նոյն ձախողութեամբ եւ հոգեկան այն ճմլումով, որ չիրազեկուած գիտելիք մը կը պատճառէ մեր բանականութեան:

Տրուած ըլլալով, որ ժամանակ մը Աղպաշեան դադրեցաւ այս բառին կառչելէ, ես ալ մոռացութեան  մատնեցի զայն, բայց աւելի ուշ վերսկսաւ վերանորոգ թափով մը եւ աւելի բարձր յաճախականութեամբ. վերջինը  տեղի ունեցաւ «Պայքար»-ի  3 ապրիլ  2022-ի թիւին մէջ, որ ահաւասիկ.

–«Նախագահ մը կրնա՞ր հանդուրժել  նման վերաբերմունք հանրապետութեան գոյակեցութեան»:

Ամէն անգամուան պէս այս օրինակը եւս փորձեցի մեկնաբանել՝  ջանալով գուշակել, թէ ճիշդ ի՛նչ կ’ուզէ ըսել  վաստակաշատ գրողը,−  սակայն անօգուտ. առեղծուածը կը մնար ամբողջական: Անշուշտ չեմ բացառեր, որ գտնուին ինձմէ աւելի բախտաւորներ եւ թափանցեն անոր ծալքերուն խորը. կը խոնարհիմ այդպիսիներուն առջեւ:

Միւս կողմէ՝  հիմա աւելի լաւ  զինուած էի այդ բառին  գրոհներուն հանդէպ, քանի տրամադրութեանս տակ ունէի «Նայիրի բառարաններ»-ու 132 պատկառելի  հատորները, որոնք     միահամուռ կը հաստատեն անոր…  չգոյութիւնը:

Ուրեմն՝ հայերէնը ոչ մէկ ատեն  գոյակեցութիւն ունեցած է:

Իսկ ասկէ անդին կը սկսին հարցին զաւեշտական  ծալքերը:

*   *   *

Փնտռտուքներս ի զարմանս ինծի երեւան կը հանեն, որ Աղպաշեանէն առաջ ալ ունեցած ենք այս ուրուական բառը գործածող  կարկառուն դէմքեր, ինչպէս նաեւ իր օրով՝ իրեն զուգահեռ կիրարկողներ: Ուրեմն ան բացառութիւն չէր, այլ պարզապէս քիչ մը աւելի կառչած էր բառիս, ինչպէս կը պատահի… շատերուս:

Օրինակ՝ դուք հանդիպա՞ծ էք յօդուածի մը, որուն մէջ Յակոբ Պալեան չկիրարկէ էսթապլիշմընթ եւ մանաւանդ... ճապկում  բառերը, եթէ  ոչ, ապա երջանիկ  էք, ինքս ահա այսքան տարիներէ ի վեր ինկած եմ անոնց, ըսել կ’ուզեմ՝ յատկապէս ճապկում-ին,  ճիրաններուն մէջ եւ յուսահատ կը տապլտկիմ՝  յումպէտս  վատնելով ծաղիկ տարիներս:

Եւ այս՝ հակառակ այն իրողութեան, որ այս բառը կը գտնենք մեր գրեթէ բոլոր բառարաններուն մէջ, ուր, սակայն, անոր տրուած բացատրութիւններն ու անհամար հոմանիշները շատ աւելի առեղծուածային են, քան ինքը՝ ճապկում-ը:

Ուրեմն ստորեւ օրինակներ՝

***Այդպէս կը պահանջէ գոյակեցութիւնը (Սիմոն Սիմոնեան,              «Խմբապետ Ասլանի

աղջիկը», 1967, էջ  62):

***Ներքին փոթորիկին եւ արուեստական խաղաղութեան միջեւ առժամեայ գոյակեցութիւն մը (Զարեհ Որբունի, «Ասֆալթը», 1972):

***Կուսակցութիւնները դուրս գային  ամուլ գոյակեցութենէն (Վահրիճ  Ճերեճեան, «Կեանքին եւ մտածողութեան  ընդմէջէն»,  2007):

***Ոչ ալ խաղաղ գոյակեցութիւն  կարելի է հաստատել  թուրք այգայնամոլութեան եւ հայութեան միջեւ (Ժիրայր Նայիրի,   «Նայիրի»,   18-9-2007, էջ 8):

***Տեղացի աշակերտներու գոյակեցութիւնը («Արարատ», 8-9 մայիս 2007, էջ 3):

***Ի վերջոյ մեր ուզածը արդարութիւնն է՝ իրաւունք, բարօր կեանք, խաղաղ գոյակեցութիւն աշխարհի միւս ժողովուրդներուն հետ (Վրէժ-Արմէն Արթինեան, «Նամակապատում», 2016, էջ144):

*** Գիտաժողովը կը  ձգտի ստեղծել կրօններու միջեւ գոյակեցութիւն՝ զիրար հասկնալու միջոցառումներ կազմակերպելով (Radio Ayk, Oմանի սուլթանութիւն, 29-30-2019):

Ապշեցուցիչ բան մը կայ այստեղ:

Այս գրողներուն  բոլորն ալ հայերէնին աւելի կամ պակաս գիտակ են, եւ ոչ միայն. առնենք Սիմոն Սիմոնեանը, որ մշակուած հայկաբան էր, եղած է գրաբարի ուսուցիչ Անթիլիասի ժառանգաւորներուն, երկար տարիներու խմբագիր ու հրատարակիչ հայագիտական ծանրակշիռ աշխատութիւններու: Նուազ պատկառելի չեն միւս անունները`Զարեհ Որբունի, անուանի գրագէտ, Ժիրայր Նայիրի՝ վեթերան խմբագիր եւ միւսները, որոնց ծանօթ էք բոլորդ: Այս այսպէս ըլլալով՝ ինչպէ՞ս պատահած է, որ  բոլորը հաւասարապէս մոլորած են եւ կիրարկած են բառ մը, որ… գոյութիւն չէ ունեցած:

Այսպիսի բան միայն հոսհոսներուս  թագաւորութեան մէջ կրնար պատահիլ:

Ու պատահած է:

Մրցոյթ 72.

***Վերաշարադրել հետեւեալները.

—Բոլոր հայերը իրաւունք ունին Հայաստանի քաղաքացիներ դառնալու եւ վայելելու անոր կողմէ պաշտպանուած ըլլալու իրաւունքը:

Բոլոր հայերը իրաւունք ունին  Հայաստանի քաղաքացի դառնալու եւ վայելելու անոր պաշտպանութիւնը:

—Երկու երկիրները իրարու պէտք ունին եւ կ’ամբողջացնեն:

Երկու երկիրները իրարու պէտք ունին եւ կ’ամբողջացնեն զիրար:

—Մեր հակառուս  գործիչները կը հաւատան եւ կ’ուզեն հաւատացնել ժողովուրդն ալ, թէ փրկութիւնը  Արեւմուտքէն կրնայ գալ:

… եւ կ’ուզեն հաւատացնել ժողովուրդին ալ…:

—Կայ մարդասիրական  հարց մը, որուն  մասին կարելի չէ լուռ անցնիլ:

… որուն վրայէն (կամ քովէն) կարելի չէ լուռ անցնիլ:

—Մեր պետական դէմքերը սովորութիւն չունին հակաճառելու ռուսերուն հետ:

… հակաճառելու ռուսերուն:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (6), Գէորգ Եազըճեան(6) Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Արա Մխսեան(9), Գեղամ Խաչատրեան (8), Յարութ Կոպէլեան(8), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Համբարձում Յարթունեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8),Արմէն Պաղտոյեան (8):

Մրցոյթ 73.  

          ***Վերաշարադրել հետեւեալները.

          —Ծովային սահմանագծումի թղթածրարը կը շարունակէ մտահոգիչ հարց մնալ:

–Անկէ ելած ջուրով թէ՛ մենք կը խմենք եւ թէ՛ կը ջրենք մեր մշակած հողերը:

–Հիմա խնդրանքս է քեզի, որպէսզի ճշմարտութիւնը ըսես այս ներկաներուն:

–Առիթ կայ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու հարցին մէջ յառաջ շարժելու:

–Թուրքիան կը փորձէ կապ գտնել Հայաստան-Թուրքիա  հոլովոյթին եւ Հայաստան-Ազրպեյճան հոլովոյթներուն միջեւ:

[email protected]

 

 

 

Previous Post

Մանրամասնութիւններ՝ հայ-ատրպէյճանական ուղիներու վերագործարկման Մասին

Next Post

Աշխատէ՛, սակայն` մի՛շտ լռութեամբ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.