Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի շրջափակին մէջ, Հայկազեան համալսարանը կազմակերպեց իր տարեկան վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը, որուն ընթացքին 130 ուսանողներ յաջողութեամբ աւարտեցին Պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց ինչպէս նաեւ մագիստրոսի աստիճանները, դառնալով Հայկազեանի 59-րդ հունձքի շրջանաւարտները:
Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրին, ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեանը, որ կը ներկայացնէր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը, երեսփոխան Ժան Թալուզեանը, Լիբանանի կաթողիկէ հայոց Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, Հայ Աւետարանական եւ Առաքելական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանը, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, նախկին երեսփոխան Սեպուհ Գալբաքեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչներ, հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի եւ Մեքսիքոյի դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքեւ շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ միասին ուղղուեցան բեմ, որմէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր հովիւ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի աղօթքի պաշտօնական բացումը:
Սրտի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութեան եւ անոր հետ կապուած մարտահրաւէրներուն: Ան հաստատեց, որ կրթութիւնը պարզապէս կարգավիճակի փոփոխութիւն չէ, այլ անձնական մակարդակի վրայ դէպի աւելի բարձր աստիճանի ոստում, աշխարհը հասկնալու տարբեր ձեւ եւ մակարդակ, զարգանալու, փոփոխութիւններու հետ համակերպելու եւ այլոց յարգելու աւելի բարձր մակարդակ:
Եզրափակելով խօսքը, վեր. դոկտ. Հայտոսթեան շրջանաւարտներուն մաղթելով բարի երթ դէպի փայլուն ապագայ, վերահաստատեց Հայկազեան համալսարանի 64 տարիներու առաքելութիւնը՝ «տարբեր մակարդակներու վրայ օտարացած եւ հեռացածներու տուն դառնալ», յորդորելով շրջանաւարտները «իրենց գտնուած վայրին մէջ, ուր ալ ըլլան, օգնելու մարդոց՝ մտաւոր, հոգեւոր եւ ֆիզիքական մակարդակներու վրայ ըլլալու իրենց տան մէջ»: Ան յատուկ մէջբերումներով յիշեց Յովհաննէս Թումանեանն ու Պութրոս Պուսթանին:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ գաղթականներու հարցերով Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարը, որ նախ եւ առաջ շրջանաւարտներու փոխանցեց ՄԱԿ-ի մէջ իր ունեցած երկարամեայ փորձառութիւնը: Ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն իրենց ապագայի ընտրանքներուն մէջ կատարել այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն համամարդկային արժէքներու, մարդու բարօրութեան եւ լաւ ապագայի. կատարել այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք ապագային նաեւ իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ոչ միայն ընտրութիւն կատարող անհատին վրայ, այլեւ դրականօրէն իր ազդեցութիւնը պիտի ձգէ շրջապատին եւ աւելի լայն շերտերու վրայ:
Գաղթականներու հարցերով Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ շրջանաւարտները ունին երկու ճամբայ, առաջինը՝ սովորական, ընթացիկն է, որուն ընթացքին պիտի կեդրոնանան իրենց աշխատանքին, ասպարէզին վրայ, իսկ երկրորդը՝ նոյնպէս զարգանալ եւ ընտրած ասպարէզին մէջ յառաջդիմել, սակայն միշտ ի մտի ունենալ, որ ընդհանուրին զարգացումը, շահը եւ տարածաշրջանի մշակոյթը պահպանուած ըլլայ մեր մէջ:
Ապա Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, տեսուչներ` դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմեքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն:
Իսկ շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Օհաննէս Աշըգեան եւ Մոհամետ Աթաթ, որոնք շրջանաւարտներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ծնողներուն, դասընկերներուն, ուսուցչական կազմին եւ Հայկազեան համալսարանի:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով: