«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, Հայ Աւետարանչական կեդրոնին մէջ մայիս 31-ին Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ սփիւռքահայ գրող, թատերագէտ եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Մարգարեանի ծննդեան 80 եւ ստեղծագործական գործունէութեան 65-ամեակներուն նուիրուած երեկոն:
Հրանդ Մարգարեան 26 թատերախաղերու հեղինակ է, հրատարակած է 13 գիրք, կատարած 50-է աւելի դեր: Անոր թատերախաղերը ներկայացուած են ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Հայաստանի, Յունաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Անգլիոյ մէջ եւ երկու անգամ` Նիւ Եորքի «Օֆֆ Պրոտէյ» թատերաշրջանին մէջ: 2012 թուականին Նիւ Եորքի թատերական հիմնարկի առաջարկով ան գրած է «Լռութիւն բոլորաձեւ ծիածանի մէջ» թատերախաղը, որ ներկայացուած է Նիւ Եորքի «Օֆֆ Պրոտէյ» թատերական շրջանին մէջ:
Անգլերէնով խմբագրած է Հայաստանի 13 թատերագիրներու գործերը: Աշխատած է «Բագին» գրական պարբերաթերթի խմբագրակազմին մէջ, տաս տարի խմբագրած է «Վարագ» պարբերաթերթը:
Հիմնադրած է Նիւ Եորքի թատերախումբը եւ Նիւ Ճըրսիի մանկապատանեկան թատերախումբը:
Որպէս փրոֆէսոր` պաշտօնավարած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ: 25 տարի դասաւանդած է Ազգային առաջնորդարանի Սիամանթօ լսարանին մէջ: Ներկայիս այցելու փրոֆէսոր է Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանի Սուրբ Ներսէս Ընծայարանին մէջ:
Շարք մը դասախօսութիւններ ունեցած է ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: