ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայկական կողմը պատրաստ է այցելելու թէ՛ Պաքու եւ թէ Անգարա` քննարկելու տարածաշրջանային հարցերը: Այս մասին 22 Դեկտեմբերին յայտարարեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հայաստանի պատկեռասփիւռի հանրային կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Ան նշեց, որ Հայաստան հայ-թրքական յարաբերութիւններու քննարկումը կը տեսնէ երկկողմ ձեւաչափով, բայց, եթէ առիթ ըլլայ այս հարցը քննարկելու «3+3» ձեւաչափով, այդ պարագային այդ ալ պիտի օգտագործուի։ «Անհրաժեշտութեան դէպքում, մենք պատրաստ են մեկնել Անկարա եւ Բաքու, ինչպէս նաեւ ընդունել այս երկրների պատուիրակութիւններին Երեւանում», յայտնեց Գրիգորեան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ատրպէյճանցի զոհուած զինուորներէն մէկուն ընտանիքին հետ հանդիպման ընթացքին դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ձեռք մեկնած են Հայաստանին: «Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստան սեղմէ Ատրպէյճանի մեկնած ձեռքը, տարածաշրջանին մէջ անյապաղ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի, որպէսզի մարդիկ ապրին ապահով պայմաններու մէջ», ըսաւ Աքար՝ աւելցնելով․
«Մենք չենք ուզեր, որ ոեւէ մէկը ոտնձգութիւն կատարէ մեր հողերուն վրայ. մենք ոչ մէկուն հողին նկատմամբ յաւակնութիւններ չունինք»: