Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ոճիրի, ահաբեկչութեան եւ անհաւատութեան մատնահետքերը հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն մը թողեցին… Ցեղասպանութիւնը դարձաւ ոճրագործին եւ անոր թոռներուն ճակտին խարանուած ամօթի կնիք եւ երկրային արդարութեան մարմնին խրուած դասալքութեան դաշոյն:
«Եւ որովհետեւ մեր իրաւունքներուն տէրն ենք, պիտի չկորսուի մեր իրաւունքը` այնքան ատեն որ կան Հայ դատին դրօշը բարձր պահող նորահաս հայ սերունդներ»:
Յ. Բագրատունի այս կեցուածքին անդրադարձաւ նաեւ «ՍԱՆԱ» սուրիական պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը: