ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 272
Հայերը հսկայական ներդրում ունեցած են Օսմանեան Թուրքիոյ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային կեանքին մէջ:
Թուրքիոյ հպատակ ոչ մէկ ազգ այնքան հաւատարիմ աշխատած է անոր տնտեսական եւ նիւթական վերելքին, որքան` հայը: Պոլսոյ մէջ, ուր հոծ եւ բարգաւաճ հայութիւն մը կար, կառավարութեան տնտեսական ամբողջ ջիղը հայութեան ձեռքն էր:
Գաւառներուն մէջ երկրագործական արտադրութիւնները, ճարտարարուեստը միայն հայ բազուկին աշխատանքն էին, իսկ անոնց արտածումը եւս կը կատարէր ՝ հայ վաճառականը՝ կապեր հաստատելով եւրոպական ազգերու հետ եւ վայելելով բացարձակ վստահութիւնը օտար շուկաներու եւ թուրք տարրին:
Պատմութենէն ծանօթ է, որ արաբերէն էմիր (իշխան) բառին թրքացումով առաջացած ամիրա (իշխանաւոր) տիտղոսը կը տրուէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող եւ գործող այն հայ անձնաւորութիւններուն, որոնք պետական վարչամեքենային մէջ բարձրաստիճան պաշտօններ կը վարէին:
Սկզբնապէս, 15-րդ դարէն սկսեալ, որեւէ մարզի մէջ յաջողած եւ սուլթանի վստահութեան արժանացած հայը պետական ծառայութեան առ ի գնահատանք կը ստանար շնորհուած «ամիրա» տիտղոսը։
Ժամանակի ընթացքին տիտղոսը սկսաւ ժառանգական դառնալ, եւ թրքահայոց կեանքին մէջ յառաջացաւ Ամիրայական դասակարգ մը, որ մինչեւ 1860-ականները՝ Հայոց ազգային սահմանադրութեան որդեգրումը, որոշապէս 19-րդ դարու առաջին կէսին, ամբողջապէս իր հակակշռին տակ առաւ Հայոց պատրիարքութեան կառոյցներն ու գործունէութիւնը՝ ըստ կամս պատրիարք ընտրել տալով եւ փոխելով…
Պոլսոյ ամիրաները մեծ դեր խաղացին Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ: Իրենց հանճարով եւ ձեռներէցութեամբ անոնք դարձան սուլթանական փողերանոցին (դրամ տպելու վայր) տնօրէնները, պալատի մատակարարները:
Պարզ օրինակ մը հաւատարմութեան եւ ձեռներէցութեան. ռուս-թրքական պատերազմին (1827-1829) ընթացքին Յարութիւն Պեզճեան ամիրան էր, որ գտաւ պետական ծախսերը հոգալու հնարքը: Այս նոյն Յարութիւն Պեզճեանը մինչեւ օրս գործող Պոլսոյ Սուրբ փրկիչ հիւանդանոցին (1832) հիմնադիրն է:
Յարութիւն Պեզճեան զգալի դեր խաղացած է նաեւ ենիչերիներու զօրաբանակը վերացնելու (1826) ճիգերուն մէջ։ Սուլթանին միջամտութեամբ վերահաստատած է հայոց եկեղեցւոյ իրաւունքները Երուսաղէմի մէջ, կանխած հայ եկեղեցւոյ դէմ յոյն եւ լատին հոգեւորականութեան ոտնձգութիւնները։
Պեզճեանի ձեռներէցութեամբ ու նիւթական միջոցներով կառուցուած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի նոր շէնքը (1823), Մայր եկեղեցին (1829), Ս․ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը (1833), բացուած են Բերայի Օրիորդաց վարժարանը (1826), Գում Գաբուի մայր դպրոցը (1828), Ս․ Առաքելոց ազգային (1830), Պօղոսեան տղայոց (1832), Վարվառեան օրիորդաց (1832), Թոփ Գաբուի Պեզճեան (1832) եւ չորսդասեայ երկսեռ էյուպեան (1832) վարժարանները:
Անոր մեկենասութեամբ հրատարակուած է Գէորգ դպիր Պալաթեցի Տէր-Յովհաննիսեանի «Բառարան պարսկերէն ըստ կարգի հայկական այբուբենէն» աշխատութիւնը։ Մասամբ հոգացած է «Նոր հայկազեան» բառարանի հրատարակութեան ծախսերը։
Թուրքիա իր մաքսատուներուն կազմակերպութիւնը եւ մետաքսի արտադրութեան զարգացումը կը պարտի ուրիշ ամիրայի մը՝ Մկրտիչ Ճեզայիրլեանին:
Ամիրաներու շարքին մեծակշիռ էր մանաւանդ փողատէր եւ սեղանաւոր տարրը, որ Եւրոպա ապրած, ուսանած եւ գործարար աշխարհին մէջ յաջողած էր իր վաճառականութեամբ ու առեւտրական ձեռներէցութեամբ։
Սեղանաւորները հասարակ լումայափոխի իրենց կարգավիճակէն բարձրացան պետութեան դրամ փոխ տուող եւ վարկեր ապահովող իսկական դրամատուներու մակարդակին՝ աստիճանաբար իրենց հակակշիռը զգալի դարձնելով նաեւ Օսմանեան պետութեան քաղաքական ու տնտեսական կեանքի ղեկավարման մէջ։
Սեղանաւոր հայեր, առեւտրականներ միշտ լայնօրէն բացած են իրենց ափերը, երբ պետութիւնը դրամական սնանկութեան մէջ ինկած է. մինչ թուրք փաշաներ, նահանգապետեր, զինուորականներ՝ կողոպուտով եւ չարաշահութեամբ կը քանդէին երկրին տնտեսական հիմերը:
Կ’արժէ անդրադառնալ նաեւ Տատեան ընտանիքի ներդրումներուն: Գիտնական Սիմէոն Տատեան ամիրա, Յովհաննէս պէյ Տատեան (1832-1869) եւ Պօղոս պէյ Տատեան յաջորդաբար նշանակուած են թրքական արքունի վառօդապետ:
Ներսէս պէյ Տատեան (1825-1872) եղած է հանրածանօթ ճարտարապետ մը:
Մօտաւորապէս 75 տարի Տատեան գերդաստանը ղեկավարած է Օսմանեան զինագործարանները, թուղթի արտադրութիւնը, բանակին հանդերձաւորումը: Ուսումնասիրողները Սուլթան Մահմուտի գահակալութեան ժամանակաշրջանը անուանած են «Տատեան դար»:
Նշեմ, որ Տատեաններու ամառանոցին մէջ ստորագրուած է Սան Սթեֆանոյի ռուս-թրքական համաձայնագիրը (1878):
1826-ին հին եկեղեցիի մը հողին վրայ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին կառուցուած է վառօդապետ Սիմոն ամիրա Տատեանի նախաձեռնութեամբ:
1843-ին նոյն եկեղեցին կը վերակառուցուի, այս անգամ Սիմոն ամիրայի որդւոյն՝ վառօդապետ Պօղոս պէյ Տատեանի բարերարութեամբ։ Եկեղեցին օծուելով պաշտամունքի կը վերաբացուի 1844-ին՝ ձեռամբ Աստուածատուր Պատրիարքի։
Ամիրաներու մէջ բոլորէն աւելի անուանի եղան Տատեանները, Տիւզեանները, Գազէզեանները, Պեզճեանները, Պալեանները եւ ուրիշներ:
ՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Ինչպէս բիւզանդական եւ արաբական շրջաններուն, հայ անուանի ճարտարապետներ մեր ազգային գեղեցիկ ոճով զարդարեցին խալիֆաներու պալատներ ու մզկիթներ: Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ, կարելի է ըսել, հայերու մենաշնորհն էր թէ՛ Վոսփորի ափերը եւ թէ՛ գաւառները հոյակապ շէնքերով զարդարել:
Օսմանեան պետութեան տակ աշխատող ամենէն անուանի ճարտարապետը Սինան Գալֆան էր (1490-1588)՝ մանկութենէն բռնի թրքացած հայ մը: Ան ծառայեց չորս սուլթաններու եւ կառուցեց 300-է աւելի հոյակապ շէնքեր՝ Պոլսոյ եւ նահանգներու մէջ: Անոր հանճարին գործերն են Ատրիանուպոլսոյ Սելիմէ մզկիթը, Պոլսոյ Սիւլէյմանի մզկիթը: Սինան Գալֆան կոչուած է Արեւելքի Միքելանճելօն:
Սինանի յաջորդեցին բազմաթիւ հայ ճարտարապետներ, որոնց մէջ ամենէն անուանին եղան Պալեանները, որոնց նախահայրը եկած է Գոնիայի շրջանի Պելէն գիւղէն եւ անոր յաջորդները որդիէ-որդի գրաւեցին արքունի ճարտարապետի տիտղոսը: Անոնք զարդարեցին Վոսփորի ափերը՝ կառուցելով Տոլմապահչէի եւ Չրաղանի (այրած) հրաշագեղ պալատները:
Պալեանները մեծ դեր ունեցած են օսմանեան ճարտարապետութեան զարգացման եւ արդիականացման մէջ: Կարապետ ամիրան (1800-66), որ յաջորդած էր , իր հօր՝ Գրիգորին, իբրեւ օսմանեան արքունիքի ճարտարապետ, ծառայած էր Մահմուտ Բ., Ապտիւլ Մեճիտ եւ Ապտիւլ Ազիզ սուլթաններուն: Հեղինակն է շարք մը յայտնի շէնքերու, ինչպէս՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը (1832-34), երեք եկեղեցիներ (1834-38), Օրթագիւղի մզկիթը (1854), Տոլմապահչէ պալատը (1853-55) եւ այլ կառոյցներ:
Պալեանները հետագային Պոլիսէն հեռացան Գահիրէ: Անոնց սերունդը տակաւին կը շարունակէ նոյն արուեստը:
ՀԱՅ ԱՐՀԵՍՏՆ ՈՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ
Հայերը եթէ Արեւելեան Հայաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ որոշ դիւրութիւններ ունեցան առեւտուրի համար, այդպէս չեղաւ Օսմանեան պետութեան մէջ: Գաւառային քաղաքներու հայ բնակչութիւնը մեծ մասով փոքր խանութպաններ կամ արհեստաւորներ էին, որոնք տեղական կարիքներու համար կ’աշխատէին. թուրք տարրը երբեք արհեստի ձիրք չէ ունեցած: Հայերն էին երկաթագործ, հիւս (հիւսուած թել), կարասի շինող, դերձակ, ոսկերիչ եւ այլն: Կուտինայի (Քութահիա) մէջ անոնք 14-րդ դարէն հիմնած էին յախճապակիի անուանի գործատուներ, որոնց նմուշներէն տակաւին կը մնան եւ մեծ յարգ ունին: Ծնծղայի (երաժշտական գործիք) շինութիւնը Իզմիրի մէջ հայերու ձեռքն էր մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ միջազգային համբաւ ունէր:
Պոլսոյ շրջաններուն մէջ հայերը կը զբաղէին մետաքսով եւ գրեթէ բոլոր մանարանները (թելի վերածել, հիւսել, մանելու գործարաններ) անոնց ձեռքն էին:
Օսմանեան գաւառներու մէջ՝ Զմիւռնիա եւ Կեսարիա քաղաքներու հայերը առեւտրական մեծ հաստատութիւններ ունէին, յարաբերութեան մէջ էին Եւրոպայի առեւտրական կեդրոններուն հետ, մասնաւորապէս Մանչեսթըր (Անգլիա) եւ Հիւսիսային Ամերիկա:
Սակայն Ցեղասպանութենէն ետք առեւտուրի բոլոր տեսակները եւ արհեստները փճացան աքսորի հետ:
Պոլսոյ մէջ նշանաւոր էին հայ սեղանաւորները, որոնք տեսակ մը դրամատուներ հաստատած էին եւ շահով փոխ դրամ կու տային, աւանդներ կը պահէին եւ կամ զանազան ազգերու դրամները կը փոխէին: Այս մարզին մէջ աշխատողները «ամիրա» կը կոչուէին նաեւ: Անոնք մեծ ազդեցութիւն ունէին թէ՛ հայ ազգին եւ թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան վրայ, բայց այդ բոլորը գրեթէ պետութեան առօրեային մէջ, բայց յաճախ նոյնիսկ պատերազմներու ընթացքին փոխառութեամբ դրամ կը հասցնէին Օսմանեան կառավարութեան: Ամիրաներէն շատեր անուանի եղած են իրենց բարեգործութեամբ՝ շինելով եկեղեցիներ եւ դպրոցներ:
ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐ
2019 թուականին Պոլսոյ, Փարիզի, Նիսի, Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ ցուցադրուեցան Օսմանեան կայսրութեան շրջանի նշանաւոր հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները:
Քանիցս ընդգծուած է, որ Օսմանեան շրջանի նկարչական արուեստը արձանագրած է զգալի մագլցումներ, բայց այս արուեստը իր գագաթնային յաջողութիւնը միշտ ձեռք բերած է հայ նկարիչներու գործերով։
Հայ նկարիչները անջնջելի դիրք մը ունեցած են Օսմանեան շրջանի գեղարուեստի եւ մասնաւորաբար նկարչութեան մարզին մէջ։
Թուրք մամուլը արձագանգեց Օսմանեան շրջանի հայերուն կատարած աշխատանքին։ Տեսէք, թէ թրքական մամուլը ինչպէս անդրադարձաւ հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններուն. «Անգամ մը եւս կ’ընդգծուի հետեւեալը. Հայեր, որոնք Օսմանեան կայսրութեան պետական կառավարման համակարգին մէջ կարեւոր դիրքերու հասած էին, իրենց դրոշմը թողած են նաեւ ճարտարապետութեան եւ նկարչութեան մարզերուն մէջ ու ծնունդ տուած են հոյակապ ստեղծագործութիւններու։ Կայսերական պալատի զարդերէն մինչեւ թատրոնի տեքորները, Վոսփորի ափերը զարդարող ապարանքները եւ ճարտարապետական կառոյցները արդիւնք են հայերու ստեղծագործական մտքին»։
ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Յունաստանի անկախութեան համար մղուած ռուս-թրքական պատե-րազմները (1827-1829) ընկերային ոչ մէկ նորութիւն բերին տաճիկ մտայնութեան մէջ: Մարդկային ազատութեան, արդարութեան գաղափարը չթափանցեց թուրք վարիչներու եւ խուժանին մէջ, թէպէտ եղան սուլթաններ՝ որոնք ազդուած Եւրոպայէն, ջանացին նոր օրէնքներով բարձրացնել իրենց հպատակներուն մտային մակարդակը, հաւասարութիւն եւ արդարութիւն մտցնել դատարաններուն մէջ (Թանզիմաթի Օրէնքը, 1840), բայց այդ բոլորը գրեթէ թուղթի վրայ մնացին, նոյնիսկ Սուրիոյ, Լիբանանի արաբ ժողովուրդները ենթակայ էին Օսմանեան պետութեան ճնշումներուն:
Նոյնը եւ նոյնիսկ աւելի տխուր կացութիւն մը կը տիրէր Արեւմտահայաստանի գաւառներուն մէջ, ուր քիւրտ կամ թուրք պէյեր կը կեղէքէին ու կը սպաննէին եւ անպատիժ՝ հայ խաղաղ եւ աշխատող բնակչութիւնը, իբրեւ վաճառքի եւ շահագործման ապրանք, գիւղեր եւ ընտանիքներ իրարու կը ծախէին:
Թուրքերը զարգացումով յետամնաց եւ կրօնքով ու ցեղային խառնուածքով խորթ՝ չէին կրնար հանդուրժել, որ այդ «քեաֆիր» հայը ապրէր իր քրիստոնեայ կրօնքով, իր ազգային աւանդութիւններով եւ մտաւորական զարգացումով: Օսմանեան իշխանութիւնը ոչ միայն հայերը բռնի ուրացութեամբ ձուլել կը ջանար, այլեւ չերքէզ, քիւրտ եւ այլ ցեղեր տեղաւորելով հայկական գաւառներուն մէջ, ջանաց բացարձակ փոքրամասնութեան մէջ ձգել բնիկ հայերը:
ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Արեւմտահայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ ցրուած հայութիւնը բոլորովին անգիտակից եւ խաւարած վիճակի մէջ կ’ապրէր: Ան գրեթէ մոռցած էր իր հայրենի գիրն ու գրականութիւնը, իր պատմութիւնը եւ անցեալի դիւցազններուն անունները:
1850-ական թուականներուն Եւրոպայէն հասան զարգացած երիտասարդներ, որոնք ոգեւորուած ֆրանսական յեղափոխութիւնով եւ Եւրոպայի մտաւորական վերելքով, ամէն ջանք թափեցին թերթերով, լրագրերով, դասագիրքերով եւ ազգային կեանքէ առնուած թատրոնով կրթել պոլսեցին եւ ապա անուղղակի թափանցել գաւառներու մէջ:
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ ուրիշներ՝ հակառակ ամիրաներու աւանդական- պահպանողական ուղղութեան, նոր ճամբայ բացին հայուն առջեւ, եւ գտնուեցան յանդուգն երիտասարդներ, որոնք անցան գաւառները՝ դպրոցներ բանալու եւ հայ սերունդը արդիական գաղափարներով զարգացնելու համար: Անոնց ամենէն աւելի հրահրած հարցը հայրենասիրութիւնն էր, որ պէտք էր դրոշմել գաւառացիի մտքին մէջ եւ ինքնագիտակցութիւն տալ այդ հին եւ ազնուական ազգին ժառանգորդներուն:
Խրիմեան Հայրիկ այս շարժումը փոխադրեց Վան եւ Տարօն՝ բանալով դպրոց, տպարան, եւ ազգասիրական գրականութեամբ խանդավառեց գաւառացին: Այս մտաւորական շարժումին հեռուէն արձագանգ տուին Կովկասի հայ մտաւորականները:
Մտաւորականներու այս շարժումը թէպէտ ազգասիրական էր, բայց չունէր տակաւին զինեալ ապստամբութեան մը բնոյթը, այլ միայն գաղափարական էր:
Զէյթունի 1862-ի ապստամբութեան յաղթանակին արձագանգը տարածուեցաւ Արեւմտահայաստանի մէջ: Նման ապստամբութիւններ ծագեցան Վանի, Սասունի մէջ. սակայն այս կռիւները չունէին ընդհանուր ազգային ապստամբութեան բնոյթ, այլ տեղական դէպքեր էին:
Պոլսոյ եւ Արեւմտահայաստանի գաւառներուն վերազարթնումի եւ ընկերային վերելքին մեծապէս նպաստեց հայ հրապարակագրութիւնը: Առաջին հայ լրագիրը՝ «Արշալոյս Արարատեան» (1840-1887) լոյս տեսաւ Զմիւռնիոյ մէջ եւ տարածուեցաւ գրեթէ բոլոր գաւառները: Հայ գիւղացին, քահանան եւ առեւտրականը սկսան արթննալ եւ ազգային զգացումներով տոգորուիլ: Զմիւռնիոյ օրինակին հետեւելով՝ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ «Հայաստան» շաբաթաթերթը:
Հայ սրտերուն մէջ սկսաւ վառիլ ազգային բոցը: Լրագիրները հետզհետէ լոյս կը տեսնէին, ինչպէս՝ «Մասիս»-ը (1852-1908), «Արեւելք»-ը (1884-1912), «Հայրենիք»-ը (1891-1896 ) եւ ուրիշներ: Ասոնց արձագանգ եղան գաւառներէն Խրիմեան Հայրիկի «Վանգոյժ» եւ «Հայգոյժ» հրատարակութիւնները, ուր ազգասէր առաջնորդը կը նկարագրէր հայ գաւառներու տխուր վիճակը եւ զարթօնքի փողը կը հնչեցնէր քաղաքական եւ ազգային գիտակցութիւն արթնցնելու ստրկացած գաւառացիին մէջ:
Թէ՛ գաւառական, թէ՛ պոլսական հրատարակութիւնները կամաց-կամաց պատրաստեցին արեւմտահայութեան միտքը, ներշնչեցին ազգային հոգին, պարզեցին անոր առջեւ մեր հին եւ պատմական փառքերը ու պատրաստեցին ապագայի շարժումներու գետինը:
Ազգային կեանքի զարթօնքին հետեւանքով հայ գրականութիւնը ապրեցաւ իր վերածնունդը: Այստեղ պարտինք արձանագրել, որ մինչեւ 19-րդ դարու կէսը Արեւմտահայաստանի մէջ տիրող լեզուն հայատառ թրքերէնը եւ գրաբարն էր: Դպրոցական դասագիրքերը տարբեր բարբառով: Լեզուի մաքրութեան եւ զարգացման նպաստեցին լրագրութիւնը՝ մամուլը եւ թարգմանութիւնները: Գրաբարը հետզհետէ տեղի տուաւ աշխարհաբարին: Աշխարհաբար լեզուին որդեգրումը դիւրին չեղաւ: Գրաբարի եւ աշխարհաբարի միջեւ պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ 1860-ականները, երբ վերջնականապէս յաղթանակեց աշխարհաբարը: