Կը հիանամ կակաչին
Կայնած միայն մէկ ոտքի
Ինչպէ՜ս ամուր կը կառչի
Հայրենական իր հողին …
Ան միշտ հպարտ կը նայի
Հոն ծածանող դրօշին
Առաջին գոյնը վերի
Իր կարմիրին գոյնն ունի …
Ոհ ես որքա՜ ն կը ցանկամ
Ըմպել անոր շափրակէն
Գաւաթ-գաւաթ հոն լեցուած
Հարազատ շողն արեւին …
Ու դեռ որքա՜ն կը ցանկամ
Հայորդիներ հետս գան
Խմենք կենաց կակաչին
Որ Մայր Հողին կը կառչի …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան