Շաբաթ, 30 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ բացումը Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտներու ստեղծագործական աշխատանքներու տարեկան ցուցահանդէսին:
Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան` նշելով, թէ 19-րդ յաջորդական տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենար սոյն ցուցահանդէսը: Ապա յիշեց անունները այն ուսուցիչներուն, որոնք ցուցահանդէսին մէջ առաջնորդողի դեր ունէին իրենց աշակերտներու գործերու պատրաստութեան մէջ: Անոնք էին Վազգէն Մուղալեան (գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքներ), Նուարդ Ղորղորեան եւ Յասմիկ Տեմիրճեան (գիտական project-ներ), օրդ. Յասմիկ Թորոսեան, Թալին Տէր Կարապետեան եւ Վարդուկ Ֆռնզեան (մանկապարտէզի աշակերտներու գործեր), Անի Աղպաշեան (հայերէնի գործեր):
Ապա ցուցահանդէսը պատրաստող եւ համադրող գեղարուեստից դասերու ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանի ձեռամբ «Ֆապրիանոյի 2014»-ի մրցանակները բաժնուեցան: Հուսկ տնօրէնը հրաւիրեց Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանը եւ դպրոցի հոգաբարձութեան փոխատենապետ Յակոբ Տեմիրճեանը ցուցասրահի մուտքի ժապաւէնը քակելու: Ապա ներկայ ծնողները, ուսուցիչներն ու աշակերտները սրահը իջան եւ ըմբոշխնեցին աշակերտներու ստեղծագործական աշխատանքները, որոնք բազմազան էին: