Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայ Ժամանակակից Գրողները Կը Շարունակեն Գլխաւորել «Երեւանեան Բեսթսելլեր»ու Ցանկը

March 9, 2013
in Մշակութային
0
Հայ Ժամանակակից Գրողները Կը Շարունակեն Գլխաւորել «Երեւանեան Բեսթսելլեր»ու Ցանկը

 «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան «Երեւանեան պեսթսելլեր» հեղինակային նախագիծով ժամանակակից գրող, արձակագիր Դաւիթ Մկր-Սարգսեանը կը գլխաւորէ  այս շաբթուան ամէնէն աւելի վաճառուող  գիրքերու ցանկը: Անոր «Երկուութիւն» գիրքը առաջին անգամ ըլլալով տեղ կը գտնէ վարկանշային աղիւսակին մէջ: Երկրորդ դիրքին վրայ է ֆրանսացի գրող Անթուան տը Սենթ Էքզիւփերիի «Փոքրիկ իշխանը»: Ցանկին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղող Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները երրորդ դիրքին վրայ են, իսկ «Մատեան Ողբերգութեան»ը՝ չորրորդ։ Պրազիլցի ժամանակակից գրող Փաուլօ Քոելոյի «Ալքեմիկոս»ը, որ յատկապէս կը հետաքրքրէ երիտասարդները, հինգերորդ դիրքի վրայ է։ Անոր կը յաջորդէ Սուն Ցզիի «Ստրատեգիայի արուեստը» փիլիսոփայական գիրքը: Ժամանակակից գրող Դաւիթ Մուրադեանի «Երազների մեկնութիւն» գիրքը, որ եօթներորդ դիրքի վրայ է, կրկին առաջին անգամ ըլլալով տեղ կը գտնէ ցանկին մէջ։ Ութերորդ հորիզոնականին վրայ է հայ ժամանակակից գրող Աշոտ Աղաբաբեանի «Մենակը» վէպը, որ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կը յայտնուի ցանկին մէջ: Իններորդ դիրքին վրայ է շուէտացի գրող Աստրիտ Լինտքրենի «Երկարագուլպայ  Պիպի»ն: Հայերէնի թարգմանուելէ ետք այս գիրքը մեծապէս հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է դպրոցականներուն մօտ։ «Երեւանեան պեսթսելլեր» նախագիծի ամէնէն աւելի գնուած գիրքերուն ցանկը կ՛եզրափակէ անգլիացի բանաստեղծ ու թատերագիր Ուիլիըմ Շեքսփիրի «Համլէթ» ողբերգութիւնը:

 

Previous Post

ԱՐՏՕ ԹՈՒՆՃՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՆՈՐ ՁԱՅՆԱՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐԸ

Next Post

ԱՆՈՒԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՄԱՀԱՑԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.