Շաբաթ, 5 Յունիսին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ընթացիկ տարեշրջանի Գ. դասարանի 48 աշակերտները ստացան իրենց Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին:
Այս դասարանի աշակերտներուն համար, նշեալ արարողութիւնը աւանդականօրէն պէտք է տեղի ունենար Մայիսին, սակայն այդ ամսուն Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան Դ. դասարանի աշակերտները, որոնք անցեալ տարի զրկուած էին անորմէ, համաճարակին պարտադրած պայմաններուն բերումով:
Արարողութիւնը նախագահեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Օգնական եպիսկոպոս Արհ. Տէր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան: Ներկայ էին աշակերտներու ծնողները, քոյրերն ու եղբայրները, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմի անդամներ, գլխաւորութեամբ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի:
Պարոն Գալուստ իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց յիշատակը նորոգ հանգուցեալ Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, վստահեցնելով, որ անցած շաբաթ Մեսրոպեանի աշակերտները յիշեցին զայն իրենց աղօթքներու մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառ Ասատուրեանին, արարողութեան ներկայ հոգեւոր հայրերուն եւ կրօնի ուսուցչուհի տիկին Սալբի Քէշիշեանին, աշակերտներու հոգեւոր կրթութեան շնորհած մեծ ուշադրութեան համար, որուն շնորհիւ այս արտասովոր տարուան մէկ ամսուան ընթացքին կարելի եղաւ այս արարողութեան պատրաստել աւելի քան 100 մանուկներ: