Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայ վաճառականները

November 3, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Վարար Գետը` Հունէն  Դուրս
Յակոբ Միքայէլեան
   Երբ մեր պատմութեան գիրքերուն կը վերադառնանք, ընդհանրապէս ազգային-քաղաքական- մշակութային լուրերու էջերէն դրուագները քաղելու եւ անոնցմով ուրախանալու եւ հպարտանալու համար, կը մոռնանք կարեւոր էջ մը՝ մեր հին հայ վաճառականներուն իրագործումներուն փայլուն էջը:
Հայերը բոլոր դարերուն ալ վաճառականութիւն ըրած են, սակայն 16-18-րդ դարերուն նշանակալից դարձաւ անոնց ընդարձակ գործունէութիւնը Արեւելքէն-Արեւմուտք եւ հակառակ ուղութեամբ: Խօսքը սովորական առեւտուրի մասին չէ, խօսքը շատ հմտօրէն կազմակերպուած վաճառականութեան մասին է, ուր ստեղծագործ միտքը եւ արկածախնդրութեան ոգին ու խիզախութիւնը, միացած դրամին, առեւտրական «կայսրութեամբ» մը շատ մը երկիրներու եւ առեւտրական ցանցերու մարտահրաւէր կարդացած է:
Հայ վաճառականները գիտէին թէ ինչեր չկան որոշ երկիրներու մէջ եւ ո՞ր երկիրները հարուստ են անոնց չունեցածներով, ապա ուրեմն ունեցողէն առին եւ չունեցողին տարին, յատկապէս թանկագին քարեր, համեմունքներ, կերպասեղէն եւ բազմաթիւ այլ ապրանքներ:
Օսմանեան եւ Պարսկական Երկու կայսրութիւններու հետ լրիւ համակեցութիւն ապահովելէ ետք վաճառականներու դասին ոյժն ու հարստութիւնը աճեցաւ երբ ազնուականութիւնը, որ իշխող դասն էր հայութեան մէջ, սկսած էր անկում կրել: Հետեւաբար, շատ մը կարող հայեր վաճառական դարձան, քանի առեւտուրը ամենագործնական միջոցն էր երեւելի դիրք մը գրաւելու համար ընկերութեան մէջ:
Անոնք շատ մը կարեւոր կեդրոններ ունէին, ինչպէս Վենետիկ, Մարսիլիա, Ամսթերտամ, Համատան, Մատրաս, Մանիլլայ եւ այլն, բայց այս առեւտրական ցանցին կեդրոնը Նոր Ջուղան էր Պարսկաստանի մէջ:
ԺԷ եւ ԺԸ դարերուն Հայերը կրցան իրենց հսկողութեան տակ առնել Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ առեւտուրին մեծ մասը, նուազագոյնը այնքան մեծ, որքան ամենայաջողակները Լոնտոնի եւ Ամսթերտամի:
նշանաւոր վաճառական մը՝ Յովհաննէս Տէր Դաւթեան, Նոր Ջուղայէն, 1662-էն 1693-ի միջեւ քանի մը ճամբորդութիւններ կատարած է Հնդկաստան եւ Թիպէթ, ճամբուն վրայ ահագին նօթեր առնելով, որոնք այսօր բացառիկ պատմական եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնեն: Հայ վաճառականը աւանդաբար դիւանագիտութիւնն ու մշակոյթը, ժառանգած է հօրմէ, ապա՝ փոխանցած իր զաւկին: Առաւել՝ Հայ վաճառականներուն իւրայատուկ մէկ գործօնը, անկասկած անոնց հանդէպ վստահութիւնն էր, անոնց կարողութիւնը վստահութիւն ներշնչելու իրենց առեւտուրի գործակիցներուն:
Պէտք էր նաւային ուղիներ աւելցնէին աւանդական ցամաքի կարաւանով ճամբորդութիւններուն վրայ Հնդկաստանի Հայ վաճառականները, որոնք գլխաւորապէս Նոր Ջուղայէն էին, ստեղծեցին առեւտրական ընդարձակ ցանց մը, Հնդկաստանի, Պուրմայի, Սինկափուրի, Ֆիլիփփինեան կղզիներու եւ Չինաստանի մէջ եւ համեմունքներու, հիւսուածեղէնի եւ նոյնիսկ օփիումի առեւտուր ըրին:
Սակայն, ամենահետաքրքրականը անոնց թեքումն էր դէպի Ռուսիա, Պարսկական եւ Թրքական համագործակցութեան կողքին, քանի որ Ռուսիայէն կրնային շատ աւելի օգտուիլ, կը մնար կայսրին հաւանութիւնը առնել: Ապա ուրեմն 1659-ին Ռուսիոյ Ալեքսէյ կայսրին հետ տեսակցութիւն մը ունենալու խնդրանքին միացուցին աննախադէպ նուէր մը. Հայ մեծահարուստ վաճառականները գահ մը պատրաստեցին եւ զայն զարդարեցին թանկարժէք քարերով (897 ալմաստ, 1298 մարգարիտ, 1830 փիրուզ եւ այլն ) եւ շատ ուրիշ նուէրներ: (Գահը՝ ցարդ կը գտնուի Քրէմլի թանգարանին մէջ): Կայսրը հայ վաճառականներուն խնդրանքին դրական պատասխան տալու կողքին, անոնց բացառիկ արտօնութիւններ եւ դիւրութիւններ շնորհեց: Խելացի էին մեր վաճառականները, որոնք Չելեպի, Խոճա, նոյնիսկ Ամիրա կը կոչպւէին: Անցած դարերու մեր հայ վաճառականները մեծ վարկ բերին հայ ազգին: Սակայն, ի՞նչ մնաց անոնցմէ. ո՞ւր գացին անոնց հսկայ հարստութիւնները: Կը հպարտանանք ու կ՛ափսոսանք:
(ԱԶԳ, 26, 10, 2022)
Previous Post

Եռաբլուր…

Next Post

Լիբանանում նախագահի միասնական թեկնածու պետք է լինի, որին կհաջողվի երկիրը դուրս հանել ճգնաժամից. Շահան Գանտահարյան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.