ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ես եկայ այցի, որ գէթ ծնրադրեմ…
Ես եկայ այցի, որ լո՜ւռ արտասուեմ…
Ես եկայ այցի, որ մեղմ աղօթեմ…
Սեղմեմ ատամներս, ու յաւերժ լռեմ..:
Արտասուքներս, քարացան իսկոյն…
Այս որքա՜ն շիրիմ, անծայր հորիզոն…
Քամին տխրաձայն կը յուշէ մեղմիւ՝
Կիսատ մնացած՝ յոյզ, երազ ու սէր..:
Օ՜ ճակատագիր, ես քեզ կ’անիծե՛մ…
Այս ի՜նչ վատ բախտ է՝ մեզի վիճակուած…
Տուիր մեզի սոսկ, դժո՛խք, դառն ցա՜ւ…
Իսկ թուրքին անարգ՝ դրախտ պատուական..:
Շրթներէս դողդոջ, լո՜ւռ կը բարձրանան՝
Նոր խորհուրդ խորին, նոր Տէր ողորմեա՝
Որպէսզի հերոս սուրբ նահատակներն,
Ննջեն առ յաւէտ… ու հանգչին խաղաղ..:
Աչքերուս առջեւ… դէմքերու շարան…
Բոլորը ծաղիկ… հասակներ գարուն…
Օ՜… Եռաբլուր, .. դուն մեր նոր Տէր Զօր,
Ծիծեռնակաբերդ, կամ մորմոքի ծով..:
Աչքերս յարած՝ ես անջրպետին,
Կ’որոնեմ ընդմիշտ՝ գութը երկնային…
-Այս քանի՞երորդ անգամ, ո՛վ Աստուած՝
Կը ցեղասպանեն ազգն իմ թանկագին ..:
Սրտիս մէջ ողբ, սուգ…մորմոք ու կսկիծ…
Բայց ինչպէ՞ս մոռնամ ցաւը այս անանց…
Բայց ինչպէ՞ս մոռնամ ննջող հերոսներն
Որոնք կը սպասեն՝ ձայն արդարութեան..:
… Գրիչէս կը կաթի լոկ կարմիր արի՜ւն…
Իմ մէջ կը վառի՝ հրդեհ բոցավառ…
Շիրիմներէն բիւր, ես հետզհետէ՝
Կը լսեմ ընդոստ՝ բարձրացող հառաչ..:
Կը տեսնեմ նաեւ, գոռացող ամբոխ…
Նահատակներու աննահանջ փաղանգ…
Երկինք բարձրացող պիրկ ձեռքեր, բռո՛ւնցք…
Մինչ շեփորները՝ կը հնչեն ուժգին…
-Ժամն է վրէժի…. Դե՛հ… զարթի՛ր Լաօ…:
Եռաբլուր, 7 հոկտ. 2020