Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հասսան Տիապի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Պենզինի Թիթեղի Սակին Վրայ Ոչ Մէկ Տուրքի Յաւելում Կայ» Շեշտեց Ապու Շաքրա

February 5, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Հասսան Տիապի Հետ Հանդիպելէ Ետք. «Պենզինի Թիթեղի Սակին Վրայ Ոչ Մէկ Տուրքի Յաւելում Կայ» Շեշտեց Ապու Շաքրա

Կառավարութիւնը հինգշաբթի օր առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը` քննարկելու համար իր աշխատանքային ծրագիրը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լումայափոխներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Մահմուտ Մըրատի:

Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ իրենք շնորհաւորած են Տիապը եւ անոր ներկայացուցած պետական մարզին, դատական իշխանութիւններուն եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները` իբրեւ սենտիքա:

Մըրատ նշեց, որ վարչապետ Տիապ դրական նշոյլներու մասին խօսած է` աւելցնելով, որ Լիբանան տնտեսական նոր միջոցառումներ պիտի վկայէ:

Մըրատ շեշտեց, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը որոշուած է վերածել 2000 լ. ոսկիի` աւելցնելով, որ այս մասին իրենք համաձայնած են Ռիատ Սալամէի հետ, եւ այդ կարգադրութիւնը կ՛ապրի իր փորձառական շրջանը:

«Սակայն շուկային մէջ կարգ մը լումայափոխներ այդ սակով աշխատելու հոլովոյթը կը խախտեն, եւ այդ պատճառով է, որ հարցեր կը ստեղծուին», ըսաւ Մըրատ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քրայթեմ, որ Տիապի հետ քննարկեց նաւահանգիստին վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ վառելանիւթ բաժնող պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Ֆատի Ապու Շաքրայի:

Հանդիպումէն ետք Ապու Շաքրա յայտնեց, որ վարչապետ Տիապի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ անոնք քննարկած են վառելանիւթի սակերուն վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տնտեսական իրավիճակը:

«Վարչապետ Տիապ մեզի ապահովութիւն ներշնչեց` խոստանալով, որ խորհրդարանին վստահութեան քուէն ստանալէ ետք, կառավարութիւնը պիտի սերտէ վառելանիւթ բաժնողներուն դիմագրաւած հարցերը», ըսաւ Ապու Շաքրա` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պենզինի թիթեղի սակին վրայ ոչ մէկ տուրքի յաւելում կատարած է:

Տիապի այցելեցին նախկին երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլա եւ Ապպաս Հաշեմ, որոնք շնորհաւորեցին զայն` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Անոնք յաջողութիւն մաղթեցին կառավարութեան` շեշտելով, որ առաջնահերթութիւնը պետութեան եւ քաղաքացիներուն միջեւ վստահութեան վերահաստատումն է:

«Վարչապետ Տիապ այդ վստահութիւնը վերահաստատելու բոլոր յատկանիշները կը լրացնէ», ըսին Նիքոլա եւ Հաշեմ` յոյս յայտնելով, որ Տիապ Լիբանանը ապահով ծովափ հասցնելու դժուար պարտականութեան մէջ կը յաջողի:

Previous Post

Genetic variants reduce risk of Alzheimer’s disease

Next Post

Researchers identify unique neuron that computes like a compass

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.