Սիրելի Հայորդիներ,
Համայն հայ ժողովուրդը Ապրիլ 24-ին պիտի ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը:
Յարգանքի տուրք մատուցելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին, պիտի վերանորոգենք պահանջատիրական պայքարը շարունակելու մեր հաւաքական ուխտը:
Այս նպատակով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան բոլոր ենթակառոյցները, ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 24 ԱՊՐԻԼ 2019-Ի, ԿԷՍՕՐՈՒԱՆ ԺԱՄԸ 1-ԻՆ, ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ, ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻՆ ՄՕՏ, իրենց յարգանքի տուրքը պիտի մատուցեն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:
Վերապրողներու ժառանգորդներս, մեր ընտանիքի անդամներով, բարեկամներով, ծնողներով, բոլոր հարազատներով խուռներամ, միահամուռ կեցուածքով եւ հաստատ քայլերով միասնաբար պիտի մասնակցինք հաւաքական ուխտի հանդիսութեան:
Յարգենք մեր նահատակներուն յիշատակը: Արժանապատուօրէն եւ պատուով հոգանք մեր ժողովուրդին ապագան:
ՀԲԸՄ-Ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողով
ԾԱՆՕԹ: ՕԹՈՊԻՒՍՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԻՒՆ, ԿԷՍՕՐՈՒԱՆ ԺԱՄԸ 12-ԻՆ, ՀԲԸՄ-Ի ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ, ՀԲԸՄ-Ի ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԶԱՊԷԼ ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԱՌՋԵՒԷՆ: