Մեր Աշակերտութեան Փայլուն Յաջողութիւնը
1 Յունուար 2016-ին՝ պաշտօնապէս ուժի մէջ մտան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան առաջադրած «Կայուն Զարգացման» 17 նպատակները (United Nations – Sustainable Development Goals): Յառաջիկայ 15 տարիներու ընթացքին՝ աշխարհի երկիրները կը համախմբեն իրենց ջանքերը՝ աղքատութիւնը վերացնելու, անհաւասարութեան դէմ պայքարելու, եւ կլիմայի փոփոխութեան հետ կապուած խնդիրները լուծելու:
Այս տարի, վերոյիշեալ 17 նպատակներուն մասին հանրութիւնը իրազեկ պահելու համար՝ ՄԱԿի «Կայուն Զարգացման» գրասենեակը, համագործակցութեամբ՝ Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութեան, կազմակերպեց գնահատելի մրցանք մը, կապուած վերոյիշեալ նպատակներուն՝ կենսոլորտի մաքրութեան, սովի եւ աղքատութեան վերացման, առողջապահութեան, կրթութեան, փոխադրութեան, քաղաքաշինութեան, ճարտարարուեստի և յարակից այլ մարզերու:
Մրցանքի նիւթը այժմէական եւ խիստ հետաքրքրական գտնելով, քաջալերանքով և առաջնորդութեամբ գիտական նիւթերու ուսուցչուհի՝ Տիկ. Միրնա Ֆատուլի, 11-րդ դասարանի մեր աշակերտներէն հինգ հոգի՝ Կարօ Գոթահալեան, Գարին Ճանիկեան, Ալին Թորոսեան, Նայիրի Խաչատուրեան, Սէլա Մարգարեան, մասնակցեցան այս մրցանքին եւ ներկայացած շուրջ 70 դպրոցներէն՝ գրաւեցին ԱՌԱՋԻՆ պատուաբեր դիրքը:
Մեր աշակերտները ընտրած էին «Կայուն Զարգացման» 11-րդ նպատակը (goal), ուր տեսաերիզի «վիտէօ» միջոցով պատկերահանեցին եւ ներկայացուցին՝ «Կայուն քաղաքներ ու համայնքներ» նիւթը: Մասնաւորապէս, մեր աշակերտներուն պատրաստած տեսաերիզը կը կեդրոնանար հանրային փոխադրամիջոցներու անհրաժեշտութեան վրայ: Դատակազմը խիստ այժմէական և արդիական ընտրանք մը նկատելով այս մէկը, նաեւ՝ հրատապութեան և անմիջականութեան կարօտ իրականութիւն մը, յարմար տեսաւ մեր աշակերտական խմբակը արժանացնել բարձրագոյն մրցանակին:
Կը շնորհաւորենք ուսուցչուհի Ֆատուլը և մրցանակակիր աշակերտները, որոնք կրցան թէ՛ «Կայուն Զարգացման» նպատակներուն մասին իրենց գիտելիքները զարգացնել, եւ թէ՛ մեր վարժարանին անունին ու վարկին համապատասխան բարենիշ մը արձանագրել: