Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց 15 կէտ, որոնց ուղղութեամբ կառավարութիւնը պէտք է յառաջիկային աշխատի՝ տնտեսական յեղափոխութիւնը առաջ մղելու նպատակով:
«Ի հարկէ, կառավարութիւնը դեռ պէտք է ընդունի գործունէութեան ծրագրէն բխող քայլերուն ցանկը, բայց ես կ՝ուզեմ տարանջատել այդ ցանկը տնտեսական յեղափոխութիւնը խթանող քայլերուն ցանկէն»,- ըսաւ վարչապետը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ վարչապետը թուարկեց քանի ըմ ուղղութիւն, որոնց ուղղութեամբ կառավարութիւնը պէտք է աշխատի.
«1.Վերանայիլ մինչեւ այժմ ներկայացուած բոլոր ներդրումային առաջարկները, գոյքագրել անոնց ընթացքը, բացայայտել անոնց իրականացման հետ կապուած խնդիրները, կեդրոնացնել տեղեկատւութիւնը Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մէջ:
2.կարգաւորումներու պարզեցման ճանապարհային քարտէզ կազմել, ինչպէս ջուրի, կազի, ելեկտրականութեան կանխատեսելի հասանելիութեան խնդիրը լուծելու նպատակով,
3.արագացնել ներդրումային հայկական հիմնադրամի ստեղծման աշխատանքները, որ պիտի իրականացնէ ներդրումային ծրագրերու ուղեկցումը,
4.հիմա կը բացուի եղանակային աշխատանքի շրջանը, մշակել կառուցակազմ, որ եղանակային աշխատանքի ընդունուելու պարագային քաղաքացին չզրկուի հասարակական կամ ընտանեկան նպաստէն:
5.հաշուառել ՀՀ-ի մէջ առկայ բոլոր աշխատատեղերը, աշխատավարձով, հասցէով, ընկերութիւններով,
6.արագ բացայայտել այն մարդոց, որոնք ամսական 100 հազար դրամ եւ աւելի վարկեր կը սպասարկեն եւ միաժամանակ կ՝օգտուին նպաստի համակարգէն,
7.դրամատնային տոկոսադրոյքի նուազեցման խնդիրը պահել օրակարգի վրայ եւ ռազմավարութիւն մշակել:
8.փոքր գործարարութիւնը, անասնապահութիւնը վարկաւորելու գործուն կառուցակազմեր մշակել,
9.մեծ թափով սկսիլ վերամասնագիտացման ուսումնական կեդրոններու ստեղծումը,
10.աշխուժացնել ու զարգացնել այն բոլոր ուսումնական կեդրոնները, որոնց նպատակը մարդոց գործարար հմտութիւններ սորվեցնելն է: Այս նպատակով համատեղ ծրագրեր իրականացնել հանրային եւ այլ հեռուստաընկերութիւններու հետ,
- աշխուժացնել մասնաւոր հատուածի ներգրաւումը միջին մասնագիտական կրթական հաստատութիւններու վերակենդանացման ու աշխուժացման գործին մէջ,
12.կաթիլային ոռոգման, հակակարկտային ցանցերու եւ գիւղատնտեսական նոր արհեստագիտութիւններու ներդրման պիւտճէտային ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնել այնպէս, որ պիւտճէով նախատեսուած ծրագրերը ամբողջութեամբ իրականանան,
- ջրամբարաշինութեան եւ ճանապարհաշինութեան նախագիծերու գոյքագրում իրականացնել եւ նոր նախագիծեր նախաձեռնել, զուգահեռաբար բանակցելով նուիրատու կազմակերպութիւններու հետ,
14.միսի եւ մսամթերքի արտահանման կառուցակազմերու գոյքագրում իրականացնել եւ աջակցիլ այդ կառուցակազմերու զարգացման,
15.պատրաստուիլ պտուղ-բանջարեղէնի արտահանման եղանակին, համոզուիլ գործող կառուցակազմերու գործունակութեան մէջ եւ հաւանական նոր արտահանողներու համար շուկայի հասանելիութեան երաշխիքներ ստեղծել»,- թուարկեց վարչապետը: