ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հրանդ Տինք» հիմնարկը որոշած էր միջազգային համաժողով մը իրականացնել Կեսարիոյ մէջ, յունական եւ հայկական ժառանգութեան նիւթին շուրջ, բայց տեղւոյն իշխանութիւնները անհրաժեշտ արտօնութիւնը չտուին համաժողովին համար։
Ծանօթ է, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք հիմնուած այս հիմնարկը աշխատանք կը տանի «երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ համատեղ ապրումներու մշակոյթը խրախուսելու» ուղղութեամբ եւ կը կազմակերպէ գիտական համաժողովներ։
Հիմնարկը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, թէ Կեսարիոյ կուսակալին հետ անձնական հանդիպման խնդրանքը քանի մը շաբաթ անպատասխան մնաց, ապա կուսակալը հեռաձայնեց եւ յայտնեց, որ այս համաժողովին իրականացումը «նպատակայարմար չէր»։