Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀՐԱՉ  ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ   ՄԵԿՆԵՑԱՒ

June 27, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՀՐԱՉ  ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ   ՄԵԿՆԵՑԱՒ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ հաստատուած  բարեկամներու  միջոցով, խոր ցաւով  իմացանք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ  Երիտասարդաց   Ընկերակցութեան հաւատաւոր անդամ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, միութենական տարբեր  պարտականութիւններ ստանձնած, գործունեայ վարչական, վաստակաւոր ուսուցիչ Հրաչ Մանուկեանի մահը:

Հանգուցեալ  Հրաչ Մանուկեան կը պատկանէր յետ Ցեղասպանութեան սերունդի պատկառելի այն փաղանքին որուն ողջ էութիւնը պարուրուած էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, հայ  մշակոյթի աւանդութեանց անկորնչելի արժէքներով: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը սոսկ պատկանելիութիւն չէր անոր համար, այլ կ՛ապրէր, կը շնչէր իր էութեան բոլոր մասնիկներով:

ՀԲԸՄիութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ իբրեւ հայ եւ միութենական թրծուելով, Հրաչ Մանուկեան  վերադարձաւ  Լիբանան  եւ ստանձնեց  ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանի մարզանքի ուսուցիչի, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ Անդրանիկի պասքեթպոլի աղջկանց խումբերուն գլխաւոր մարզիչի   պարտականութիւնները: Ան միաժամանակ դարձաւ ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութի  պասքեթպոլի տղոց  կազմին  սիւներէն: Իբրեւ  մարզիկ եւ մարզիչ սիրուեցաւ բոլորէն: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը անոր վստահած էր ախոյեանութեան   մրցումներու վերակացուի ծանր  պարտականութիւնը:

Հրաչ Մանուկեանին  համար ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը, հայրենիքը եւ ընտանիքը  մնացին սրբութիւն:

Ան մեծ ներդրում ունեցաւ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ  իբրեւ նուիրեալ եւ բծախնդիր միութենական: Աւելի ուշ, Հրաչ  Մանուկեան  բեղուն գործունէութիւն  ծաւալեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Միջին Արեւելքի  մարզական կեդրոնական  մարմինին մէջ, միջինարեւելեան  զանազան  ոստաններու մէջ  կազմակերպուած   Նաւասարդեան  խաղերուն բերելով  միութենականի իր լուման:

Հրաչ  Մանուկեան հայրական ուրախութեամբ կը հրճուէր ՀԵԸ-ի իւրաքանչիւր  վերելքով, միջազգային բեմի վրայ  հայ ժողովուրդին ձեռք բերած հաւաքական նուաճումներով:

Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի  տարիներուն, Հրաչ Մանուկեան իր ընտանիքին հետ Կիպրոս  փոխադրուելով, դարձաւ  ՀԲԸՄիութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հոգաբարձութեան անդամ, իսկ յետագային Գալիֆորնիոյ մէջ ան եղաւ ՀԲԸՄ-իՎեթերաններու վարչութեան մղիչ ուժն ու ժրաջան անդամը:

Վերջին տասնամեակներուն Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ ապրելով հանդերձ, Հրաչ Մանուկեան հաւատարիմ  մնաց իր արմատներուն:  Մօտէն  կը հետեւէր  Լիբանանի անցուդարձերուն: Իւրաքանչիւր առիթով, երբ  Լիբանան  կ’այցելէր,  անմիջապէս կը  փնտռէր իր վարչական  ընկերները, վերապրելով  հին  յիշատակներ…: ՀԵԸ-ի  հանդէպ  սիրոյ եւ վառ յարգանքի արտայայտութիւն էր, Միութեան շուքին տակ նուաճած մետալները  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նուիրելու առաքինի քայլը:

Բնութեան օրէնքին համաձայն մահը մեզմէ բաժնեց Հրաչ Մանուկեանը, բայց ինչ որ չի կրնար առնել անոր  հարազատներէն  եւ  միութենականներէն, բարութեան, ազնւութեան, անկեղծութեան մարմնացում եղող այս պատուական հայորդիին ժառանգ ձգած կենդանի յուշերն են, եւ մանաւանդ անոր սրտին ցոլքը եղող մանուկի անմեղ ու քաղցր ժպիտը:

Մեզմէ  շատեր պիտի  յիշեն Հրաչ  Մանուկեան  ուրախ ու ժպտերես միութենականը: Անոր մարդկային ու առաքինի յատկանիշերը աներեւոյթ թէլի նման  փոխանցուած  են  բոլոր  բարեկամներուն:

Հրաչ  Մանուկեան մեր սրտերուն մէջ պիտի  մնայ սիրելի հայրը, տիպար եւ նուիրեալ միութենականը:

 

 

Previous Post

Դադրեցաւ Սահմանադրական Դատարանի Նախագահին Եւ 3 Այլ Անդամներու Պաշտօնավարութիւնը

Next Post

Լիբանանեան Տագնապը Հակակշիռի Տակ Առնելու Փորձեր Եւ Բողոքի Դրսեւորումներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.