Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին կողմէ պետական ամավարկի նախագիծին մէջ կատարուած քննարկումները դրական էին` Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզին եւ ճարտարարուեստի սեփականատէրերուն շահերը ապահովելու, ինչպէս նաեւ միջին եւ համեստ դասակարգերուն շահերը ապահովելու իմաստով:
Ճ. Պուչիքեան նշեց, որ ճարտարարուեստի մարզին համար Լիբանան ներածուող հում նիւթերուն վրայ պարտադրուած մաքսային տուրքերը պիտի ջնջուին: «Իսկ ճարտարարուեստի այն արտադրութիւնները, որոնք դուրսէն կը ներածուին, սակայն անոնց լիբանանեան տարբերակները կան, պիտի սղին եւ յաւելեալ տուրքի պիտի ենթարկուին, լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու նպատակով», ըսաւ ան:
Ճարտարարուեստի նախարարը հաստատեց, որ մանուկներու յատուկ կաթի տեսակները, ինչպէս նաեւ թունա ձուկի տուփեղէնները մաքսային տուրքերէ պիտի զեղչուին` նկատի ունենալով, որ անոնց լիբանանեան արտադրութիւնները չկան:
«Ճարտարարուեստի դերակատարութիւնը հիմնական է, եւ մեզի համար կարեւոր է մարդուժ ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքի առիթ ընծայել, որովհետեւ ճարտարարուեստի մարզը 36 այլ մարզերու կեանք կու տայ», հաստատեց Ճ. Պուչիքեան: