ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 25 Օգոստոսին, Արցախի Մարտակերտ քաղաքի Տէրեան փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ գտնուեցաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու անդամ Ժամիլ Պապաեւը։ Այս մասին յայտնեցին Արցախի գլխաւոր դատախազութենէն:
Նոյն օրը, ըստ դատախազութեան, վերջինս ձերբակալուեցաւ Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն:
Յարուցուած է քրէական գործ՝ առերեւոյթ Արցախի պետական սահմանը ապօրինի կերպով հատելու, յիշեալ բնակարանի անչափահաս բնակիչներուն սպանութեան սպառնալիք տալու եւ լրտեսութեան յատկանիշներով նախատեսուած յանցաւոր դէպքերուն առիթով:
Պապաեւ ձերբակալուած է, կը կատարուի հետաքննութիւն։