ԱՖՓ լրատու գործակալութիւն-Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մտադիր է իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինին առաջարկել ուքրանական ճգնաժամի լարուածութեան մեղմացման իր տարբերակը:
«Նախագահը լարուածութեան մեղմացման ուղիներ պիտի առաջարկէ իր ռուս գործընկերոջ հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն», ըսած է Ֆրանսայի նախագահի վարչակազմի աղբիւրը:
Ան նաեւ հաստատած է, որ այսօր Փարիզի մէջ նախատեսուած է նորմանտական ձեւաչափի (Ֆրանսա, Գերմանիա, Ռուսիա եւ Ուքրանիա) քաղաքական խորհրդականներու հանդիպումը: