Վեհանոյշ Թէքեան
Այս ոսկորէ կեանքը,
ակռաներ կը սպասեն ժայռերու մէջ,
մանուշակագոյն ժայռեր ծեծող ջուրերուն մէջ
թունաւորուած ձայներ կը փսխեն,
կամուրջը կամաց կամաց պէտք է բանայ թոքերը
ու իր ձեռքերը ողողէ արեւով,
դառնացումը՝ կամուրջի նման՝ շարժուն կամ փրթած
ձեռքերը կապեց իրարու։
Աշխարհի այս անօթը
խեղանդամ ծնունդ մը,
խաչը, Մուհամմէտը, քառախաչ զէրօներ,
զէնքերու այս վիհը
շամփայնի երգեր որոնք հեշտանքէ ետք կը զառանցեն
դեղին ակռաներով մահը որ դեղին ուղեղ մը կը խածնէ։
Կ՚ենթադրէի որ մեր վերջին դէմքը,
աշխարհի եւ մարդուն խորհուրդը
հարիւրաւոր դարեր տեւեց որ արտադրուի։
Բազմոտանի քաղաքի մը մէջ
տեղահան քարեր եւ զանգակներ կը ձայներգեն,
եւ շնչող մարդեր շնչող հնոցի մէջ
կը կանչեն որ ժամանակը փոփոխութիւն ընէ.
անզօր մարդերը հզօր հնոցին մէջ,
Եւ ուշակորոյս պատանքումի մը մէջ
կը մխայ հիածոր ծիածանը։
Այս քաղաքին արեւը
անշնչացած թարթիչները կը ստուերէ,
այս գիւղերու երկայնքին
միայն անշարժ նայուածքները կը յածին,
այս երկրին մէջ
նշանառուած դիակներ լոկ կ՚աւելնան։
Հանգիստ ես չէ՞
քեզմէ հեռու են անոնք
քեզմէ դուրս են.
պատճառ մը չունիս անհանգստանալու,
նոյնիսկ եթէ տեսնես
այս ջղագար մահաբեմը
ուր գաղափարներդ կը նեխին,
ուր մարդեր կը փլին
քեզմէ ներս, քու շուրջդ
եւ քեզմէ դուրս՝ ապրող բաներ կ՚իյնան։
Եթէ ափերուս վրայ երկաթապատ ձեռնոցներ ունենայի,
մարդու ձեռքով թափուած մարդու արեան դիմաց չցնցուէի,
այս պարսպապատ թաքստոցներուդ մէջ
պարարտ դրամարկղներուդ մօտ,
կամ ոլորապտոյտ
օձի պէս անվերջօրէն գալարուող
ժողովասրահներուդ մէջ՝
մէկական որբացած մանուկ կը դնէի
այրած տան առջեւէն հայր մը կը վերցնէի
ուռած կոպերով կին մը կը բերէի
կապարով ծակած քանի մը կաթսայ
նիհար օրաթերթեր կը շարէի
կը կանգնէի անդին
եւ կ՚ըսէի՝
Միակ բառ մը, թերեւս այդ … թերեւս այդ բառը չկա՛յ։
Անոնք որ ինկան իրենց ծունկերուն վրայ
եւ չկրցան ցոյց տալ երկարութիւնը ցաւին,
անոնք որ չինկան իրենց ծունկերուն վրայ
եւ չկրցան ցոյց տալ երկարութիւնը ցաւին,
Իրենց հոգին կսկիծ ու լոյս կը սփռէ արդէն։
Հողէ յատակ՝ որտեղ
շնչեցի մուխ միայն,
սեւ առեղծուածային առաձգական մուխ.
Ու չհասկցայ թէ ի՛նչ կը նշանակէ
յաղթանակ
Մուհամմէտ ու խաչ,
երբ խուրձի պէս անպէտք
առեւանգեցին
նոյնիսկ ծեր հայեր
մորթելու համար։
Խուլ չարչարանքով
տղան մորթուեցաւ
եւ մայրը ինկաւ։
Ուխտեալ զինեալ մը
դարձաւ ռմբահար
եւ հայրը ինկաւ։
Երբ սեւ ձեռնոցներ
յանկարծ փակեցին
աչքերը կեանքի.
Երբ թնդանօթի
խողովակին մէջ
յուսաբեկումն իսկ
դարձաւ շնչահեղձ։
Եւ այրած թուփը
դալար արցունքով
իր հունը դիտեց։
Այս կիսատ դէմքս ամբողջացնելու՝
երկու հասուն նուռ
եւ երկու ափ հող ստեղծէ՛ , Ինտրա,
Խիղճդ աշխարհը կը մաքրէ նորէն,
վաղը մթաստուեր վարդենին կ՚ելլէ
կը շինէ ցողն իր՝ դուռդ թակելէն։
Ցողը կը շինէ սրբազան ծէսով
տեղահան մարդիկ, տեղահան քարեր
կը վերադառնա՛ն. ծանօթ մայրութեամբ
հայրենի հեւքը այս հողը կ՚օրհնէ։
Բայց մայրեր բարակ՝ անկիւններու մէջ
Որդին կը յիշեն վարակիչ վիշտով
լոյսերուն մէ՜ջը ապրի, կը հծծեն
բաց բիբերուն տակ ցաւով գիշատիչ
Պէտք է ինչ խի՛ղճ որ արցունքը՝ ձայնի, բառի վերածէ։