ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հայրենիքը դարձեա՛լ վիրաւոր է: Եռաբլուրի հողը դարձեա՛լ թաց է: Հայ ծնողներ եւ հարազատներ դարձեա՛լ իրենց կուրծքին զարնելով` իրենց զաւակները հողին կը յանձնեն: Սակայն մինչեւ ե՞րբ…
Ունինք երկիր, հող, ժողովուրդ եւ բանակ, սակայն` ինչպէ՞ս զանոնք զարգացնել, ամրապնդել եւ հզօրացնել: Զանոնք դիւրութեամբ չե՛նք ունեցած, սակայն այդ բոլորը սկսած ենք դիւրաբեր կորսնցնել: Գիտենք, թէ ո՛վ է մեր թշնամին եւ ինչպիսի՛ն է այդ: Գիտենք անոր անվստահելի ըլլալը: Գիտենք անոր խոստումնադրուժ ըլլալը: Գիտենք անոր կեղծ ըլլալը: Սակայն այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, ինչո՞ւ կը մնանք տեղքայլի մէջ, ինչո՞ւ առաջքը չենք առներ: Հարցական է…
Պատմութիւնը երբեք ինքզինք չի կրկներ, եթէ մենք թոյլ չտանք, որ ինքզինք կրկնէ: Մեր միտքերը, երբ պատմութիւնը պիտի յիշէ, անոնք շատ հեռուներ չեն երթար, այլ` ամէնէն մօտիկ անցեալին, եւ կը յիշէ` Նժդեհ, Թաթուլ, Չաւուշ, Վրացեան, Անդրանիկ, Թեհլիրեան հերոսամարտերը… այսօր ալ կան հերոսամարտիկներ եւ յարգանք` անցեալի ու ներկայի բոլոր հերոսներուն: Սակայն մե՛նք ալ գիտենք, որ մեզի կը պակսին ռազմավարական բոլոր կարելիութիւններն ու զարգացումները:
Յուսահատ չե՛նք, բայց առանձին ենք: Մինակ չե՛նք, բայց առանձին ենք: Այսօրուան կարծեցեալ բարեկամը վաղուան թշնամին է, իսկ վատագոյնը կարծեցեալ հայրենասէրները, հայրենիք կործանողներ են: Քաղաքականութեան մէջ բարեկամ եւ դրացի չկայ: Յոյս չունինք ուրիշէն, մե՛նք ենք մեր յոյսը, մե՛նք ենք մեր ուժը, մե՛նք ենք մեր դրացին ու բարեկամը, միա՛յն: Եթէ մենք զմեզ չամրապնդենք, ուրեմն ո՛չ ոք ատիկա կրնայ ընել մեզի համար:
***
Հայրենի՛ք, ե՞րբ քեզ պիտի տեսնենք հանգիստ եւ ծիածանուած ամպերով խաղաղ: Ե՞րբ քեզ պիտի տեսնենք պատերազմներէ ու վտանգներէ հեռու: Ե՞րբ քեզ պիտի տեսնենք չարէ ու չարիքէ հեռու:
Այս «ե՞րբ»-երուն կը պատասխանէ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսի կատարած գրառումը.
«Հայաստանի հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը վտանգող ճակատագրական այս կացութեան դիմաց` անհրաժեշտ է դուռը թակել բոլոր բարեկամ եւ ոչ բարեկամ երկիրներուն, մօտաւոր եւ հեռաւոր ղեկավարներուն, շրջանային թէ միջազգային կազմակերպութիւններուն:
«Անհրաժեշտ է իրաւական միջոցներով անպատժելիութեան քողը վար առնել Ազրպէյճանի վրայէն: Անհրաժեշտ է հայոց բանակի կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութեան զանգը հնչեցնել: Սա մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքն է: Իր գոյութիւնը, անկախութիւնը, անվտանգութիւնը պահելու կոչուած ժողովուրդի մը հաւաքական դիմադրութիւնը մարդկային իրաւունքներուն անբաժան մասը կը կազմէ:
«Ազրպէյճանը պէտք է իմանայ, որ Հայաստանի ու Արցախի կողքին իր դիմաց կը գտնուի նաե՛ւ սփիւռքը, մեր ո՛ղջ ժողովուրդը` իր ամբողջ կարողականութեամբ. հետեւաբար ան չի կրնար մեր ժողովուրդին հաւաքական կամքը ընկճել:
«Ազրպէյճանը պէտք է իմանայ, որ մեր ժողովուրդի հին ասացուածքին համաձայն` «Որ ո՛չ լուիցէ բանիւ, լուիցէ գանիւ» (ան որ խօսքով չի հասկնար, գաւազանով կը հասկնայ):
«Փաստօրէն ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ Ազրպէյճանը խօսքի լեզուէն չ՛ուզեր հասկնալ: Հետեւաբար, անոր հետ հարկ է խօսիլ գաւազանի լեզուով` դիմելով համաժողովրդային դիմադրութեան բոլոր միջոցներով, բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ:
«Հարկ է դիմել համահայկական դիմադրութեան` ամրապնդելով մեր ներքին միասնականութիւնը` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք ղեկավարներու շուտափոյթ ու միատեղ հանդիպումով եւ մեր ողջ ազգին մարդուժին ու ներուժին համախմբումով»: