Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միրզոյեան. «արցախահայութեան իրաւունքները եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը մեզի համար սկզբունքային են»

March 23, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Միրզոյանն ասել է, թե որոնք են Հայաստանի «կարմիր գծերը» Ադրբեջանի հետ խաղաղության պայմանագրի կնքման հարցում

Երէկ` երկուշաբթի, 21 մարտ 2022-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նիստին` Հայաստանի կառավարութեան 28 փետրուար 2022-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրի (2021-2026 թուականներ) 2021 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու զեկուցումի մասին» համապատասխան որոշումով հաւանութեան արժանացած զեկուցումի ներկայացման ընթացքին յայտնեց, որ Արցախի հայութեան բոլոր իրաւունքները եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը Հայաստանի համար կը մնան սկզբունքային, առանցքային:

«Հայաստան» խմբակցութենէն Արմէն Ռուստամեան հարցուց, թէ նախարարը կրնա՞յ յստակ յայտարարել, որ Հայաստան բանակցութիւններուն մէջ մտած է` բացառելու Արցախի կարգավիճակը Ազրպէյճանի կազմին մէջ, բացառելու Արցախի անքլաւային վիճակը եւ վերականգնելու Հայաստանի յանձնառութիւնը` ըլլալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործող:

«Մեր կառավարութեան ուղենիշն է կառուցել խաղաղութիւն շրջանին մէջ: Անշուշտ անոր ամէնէն կարեւոր մասերն են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսումը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցումը եւ յետոյ կնքումը: Մեզի համար սկզբունքային եւ առանցքային է արցախահայութեան իրաւունքներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը», յայտնեց նախարար Միրզոյեան:

«10 Մարտին Մեզի Տրուած Ազրպէյճանական Առաջարկներուն Մէջ Անընդունելի Ոչինչ Կայ»

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ փոխանցուած առաջարկներուն` Միրզոյեան նշեց. «10 մարտին մեզի փոխանցուած ազրպէյճանական առաջարկներուն մէջ, մեծ հաշուով, մեզի համար անընդունելի ոչինչ կայ: Այլ բան, որ այդ առաջարկները ամբողջապէս չեն հասցէագրեր Հայաստան-Ազրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան հաւանական օրակարգը: Ահա մեր պատասխանները եկած են ամբողջացնելու այս օրակարգը:  Մեր պատասխաններուն մէջ առանցքային եւ սկզբունքային կը նկատենք Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքները եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի հասցէագրումը: Ահա այս ամբողջական հէնքին վրայ մենք պատրաստ ենք սկսելու բանակցութիւններուն: Եւ այս առաջարկով ալ մենք դիմած ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կազմակերպելու խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններ` հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրը, Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրը»:

Միրզոյեան նաեւ ըսաւ, որ ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ իբրեւ գերի կան 38 անձեր, որոնցմէ  երեքը` քաղաքացիական անձեր»:

Previous Post

ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի առցանց դասախօսութիւններ

Next Post

«Բանակցութիւններուն մէջ փոխադարձ զիջումները վերջնականապէս պիտի որոշուին համաուքրանական հանրաքուէով» կ՛ըսէ Զելենսքի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.