Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վաղը` չորեքշաբթի, 23 մարտ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին:
Վարչապետ Միքաթի երէկ կէսօրին այցելեց Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյրի:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, պատասխանատուներուն եւ ղեկավարութիւններուն միասին գործակցելու, որպէսզի Լիբանան կարենայ շրջանցել ներկայ դժուար փուլը, ինչպէս նաեւ կատարել երեսփոխանական ընտրութիւնները, որոնք անկիւնադարձային են:
Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին եւ լաւագոյն պայմաններու մէջ կատարելու, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները շարունակելու` աւելցնելով, որ այդ բանակցութիւնները կ՛ընթանան ճշդուած ժամկէտին համաձայն:
Նշենք, որ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Էլիաս Պու Սաապը, Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը, Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերին եւ երեսփոխաններ Ժիհատ Սամատն ու Սամի Ֆաթֆաթը:
Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը բաց է արաբական, միջազգային եւ Ծոցի երկիրներուն կողմէ Պէյրութի յղուած փաստաթուղթին:
Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը քուէյթեան այդ նախաձեռնութեան նկատմամբ դրական վերաբերմունք ունի, ինչպէս նաեւ հանգիստ կը զգայ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ օժանդակութեան ֆոնտ հաստատելու նախաձեռնութեան նկատմամբ, որուն նպատակն է առողջապահական, կրթական եւ մարդասիրական ոչ պաշտօնական հաստատութիւններու զօրակցութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ կարիքաւոր լիբանանցիներուն նեցուկ տրամադրել` լիբանանեան պետութեան անկարող իրավիճակին լոյսին տակ:
Միքաթի յայտնեց, որ սէուտական-ֆրանսական ֆոնտ մը հաստատելու որոշումը տրուած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակիցին` Ժան Իվ Լը Տըրիանի միջեւ հանդիպումին ընթացքին:
Ան նշեց, որ այս նպատակով Սէուտական Արաբիան 36 միլիոն տոլար տրամադրած է, եւ այդ գումարը իր նպատակին ծառայեցնելու կանաչ լոյսը տրուած է վերջերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Սէուտական արքունիքի խորհրդական Նիզար Ուլուլայի, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի եւ ֆրանսական նախագահական պատուիրակ Փաթրիք Տիւրելի միջեւ հանդիպումին ընթացքին:
Վարչապետ Միքաթի նկատել տուաւ, որ ինք Տիւրելի հետ կապի մէջ է` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորի անուան կեդրոնը արդէն իսկ սկսած է գետնի վրայ սերտել ժողովուրդին կարիքները, որպէսզի օժանդակութիւնները ըստ այնմ կատարուին:
«Լիբանանի կառավարութիւնը առաւելագոյն չափով կառչած կը մնայ Ծոցի երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ հեզասահ յարաբերութիւնները պահպանելու, եւ կը մաղթէ, որ Ռիատ աւելցնէ այդ ֆոնտին կատարուած օժանդակութիւնները», ըսաւ ան:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը փափաքի աշխուժացնել համաարաբական գործակցութիւնը եւ ճիգ չխնայել` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր իրավիճակը ամրապնդելու եւ ճամբան փակելու բոլոր անոնց դիմաց, որոնք երկրին կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան վնաս կը հասցնեն:
Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ դէպի Սէուտական Արաբիա թմրեցուցիչի (Քեփթակոն դեղահատերու) մաքսանենգումը կասեցնելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանը չվերածելու երկրի մը, ուրկէ ապահովական, տեղեկատուական, քաղաքական եւ զինուորական վնաս կրնայ հասնիլ Ռիատին:
Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի ընդգծեց ապահովական իմաստով երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ մաքսանենգողներուն դիմաց փակել օդային, ծովային եւ ցամաքային անցքերը, ինչպէս նաեւ Քեփթակոնի արտադրութեան գործարանները:
Միքաթի ողջունեց նաեւ ֆրանսական դերակատարութիւնը` Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու առումով` աւելցնելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ արաբական իր միջավայրին ու օրրանին եւ չի փափաքիր անկէ դուրս գոյատեւել:
«Լիբանան կը մաղթէ, որ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները հասնին քաղաքական ապաքինումի մակարդակին», եզրափակեց ան: