Կառավարութեան կազմութեան իմաստով կնճռոտ հարցերը կը շարունակեն յամենալ: Այս իրավիճակին իբրեւ հետեւանք երէկ լիբանանցիները թեւակոխեցին նոր շաբաթասկիզբ մը, որ սակայն առանց նորութիւններու էր:
Անկախ այն իրողութենէն, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահական պալատ այցելութեան ժամադրութիւն մը առկայ չէր, երէկ կէսօրէ ետք շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ վարչապետ Միքաթի կը մտածէ արաբական երկիր մը ճամբորդել` սերտելու համար յառաջիկայ փուլի հեռանկարները, եւ վերադառնալէ ետք տալ իր վերջնական որոշումը:
Վարչապետ Միքաթիի գրասենեակը անմիջապէս հերքեց լուրը` հաստատելով, որ այդ լուրը անճիշդ է ու շինծու` հաստատելով, որ ինք Լիբանանի մէջ է եւ պիտի շարունակէ կառավարութեան կազմութեան իր ջանքերը:
Միւս կողմէ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար եւ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին վառելանիւթի իմաստով փոխադրութեան մարզին օժանդակելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որ Ուազնի պատրաստէ ուսումնասիրութիւն մը` տրամադրուելիք նիւթական նպաստին մասին, եւ զայն յղէ ընթացիկ հարցերու նախարարաց խորհուրդի նախագահութեան:
Իր կարգին, սեփական դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով յառաջիկայ կրթական տարեշրջանի վերամուտը սպառնալիքի տակ կը գտնուի` առցանց դրութեամբ թէ ներկայութեամբ: