ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երեքշաբթի, 6 սեպտեմբերին, «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանեան ներքին կեանքը յուզող ընկերային եւ քաղաքական տարբեր հարցերու:
Խօսելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին` Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ, հակառակ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վրայ եղած ուղղակի յարձակումներուն, կարելի եղաւ պահպանել Հայկական երեսփոխանական պլոքը, յաղթանակ ապահովել ընտրութիւններուն` երեք երեսփոխաններով, շնորհիւ կուսակցութեան տարիներու վրայ երկարած աշխատանքին եւ ընտրողներու քուէներուն:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող շատ ծանր կացութեան եւ անոր դիմաց քաղաքական վերնախաւին ու ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր վիհին` ան նշեց, որ այսօր մեծ տագնապներ ապրող լիբանանցին, քաղաքական գործիչները եւ երկիրը ընդհանրապէս կանգնած են մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, մանաւանդ որ լիբանանեան իրականութիւնը մասնատուած պատկեր կը ներկայացնէ մինչեւ օրս:
Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի համակեցութիւնը վտանգուած է եւ միայն խօսքի սահմաններուն մէջ է, որովհետեւ գետնին վրայ իրականութիւնը այլ է, համակեցութեան մասին տեւաբար խօսիլը երբեմն կը յուշէ որ անիկա գոյութիւն չունի: Ան հրամայական նկատեց այս մասին լրջօրէն մտածելը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջական փլուզումին առաջքը առնել:
Երեսփոխանը ըսաւ, որ լիբանանցիները պէտք է գիտակցին, որ մեծ երկիրներու պատերազմներուն ընթացքին օգտագործուող զինամթերք են պարզապէս եւ առ այդ, Լիբանանի շահերու պաշտպանութեան առումով աւելի միասնակամ ըլլան: Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ տարբեր երկիրներ բնականաբար կ՛ուզեն միջամտել լիբանանեան ներքին հարցերուն եւ ճշդել անոր ճակատագիրը, կը մնայ, որ Լիբանան սահմաններ դնէ, ներքին առումով զօրաւոր ըլլայ, որպէսզի այդ միջամտութիւնները նուազագոյնի հասնին կամ ճակատագրական հետեւանքներ չունենան:
Բագրատունի դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է լիբանանցիութեան պատկանելիութիւն ունենայ, զգայ եւ անով առաջնորդուի, որպէսզի երկիրը կարելի ըլլայ փրկել` նշելով, որ կարելի չէ արտաքին կողմերու պատկանելիութիւն ունենալ եւ լիբանանցիութեան մասին խօսիլ կամ երկրին համար գործել: Ան նշեց, թէ ներկայիս կայ սպասողական վիճակ, պէտք է կարելիութիւնն ու զգօնութիւնը ունենալ յարմար պահն ու պայմանները լաւագոյնս օգտագործելու եւ զանոնք ծառայեցնելու ի շահ երկրին:
Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ այսօր ատենն է լաւապէս գիտակցելու, թէ սահմանադրութեան մէջ կան թերութիւններ, զորս ուղղելու հրամայական գոյութիւն ունի, որպէսզի նման հարցերով լեցուն սահմանադրութիւն մը ժառանգ չձգուի յառաջիկայ սերունդներուն: Ան շատ կարեւոր նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ ճակատագրական փուլի դէմ յանդիման կանգնած ենք, իսկ եթէ չկազմուի կառավարութիւն, տարբեր հարցերու ու երեւոյթներու դուռ պիտի բացուի Լիբանանի դիմաց: Բայց եւ այնպէս ան կարեւոր նկատեց մտածուած ու սերտուած կերպով գործել, աճապարանքի չդիմել, չդրսեւորել այնպիսի կեցուածքներ, որոնք քանի մը օրը անգամ մը փոփոխութեան կ՛ենթարկուին:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն ժամանակը պիտի առնէ, որպէսզի իսրայէլեան ընտրութիւնները կատարուին, ապա որոշումներ տրուին:
Աւարտին երեսփոխանը հաստատեց, որ պէտք է լաւապէս հասկնալ մարտահրաւէրները, գիտակցիլ պահուան լրջութեան, համաձայնութիւն գոյացնել նախագահական թեկնածուի մը շուրջ, որպէսզի երկիրը կարելի ըլլայ դնել փրկութեան ուղիի վրայ:
Երեսփոխան Բագրատունի Անհրաժեշտ Առաջնահերթութիւն
Նկատեց Նոր Կառավարութեան Կազմութիւնը
Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ` երեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան իր լուրերու հաղորդման ընթացքին «Նախագահութիւնը` Դաշնակցութեան դիտանկիւնէն» խորագրեալ հատուածով մը անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի կեցուածքին ու այս գծով կարճատեւ զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հիմնականին մէջ նախագահական ընտրութեան անդրադարձող հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերահաստատեց ՀՅԴ-ի ինքնուրոյն կեցուածքը` դրսեւորելու իր ազատ կարծիքը, մեկնելով իր համոզումներէն:
«Չեմ ըսեր, որ չթողեցին մեզ սակայն պայմանները աննպաստ էին: Այո՛, Դիմադրութիւնն ու Հըզպալլայի զէնքը Լիբանանի հարցերէն մէկն է, սակայն հարց տանք Իսրայէլի մասին», ըսաւ Բագրատունի: «Առանց ոեւէ մէկը նեղացնելու կ՛ըսենք` այո՛, նախագահ Աունի իշխանութիւնը չարդարացուց մեր յոյսերը եւ ակնկալութիւնները, մասամբ արտաքին միջամտութիւններու, մասամբ քաղաքական աննպաստ պայմաններու բերումով»:
«Ազգային ազատ հոսանքը մեզմէ չէ պահանջած իր ընտրանքին հետեւիլ, սակայն վստահաբար մենք կը համակարգենք մեր կեցուածքները եւ մեր համոզումներուն հիմամբ կ՛որոշենք», ըսաւ Բագրատունի` նախագահական ընտրութեան գծով Ազգային ազատ հոսանքին հետ միացեալ որոշում տալու կարելիութեան գծով:
Նախագահական թեկնածուներու մասին հարցումի մը անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Պայման չէ, թէ ո՛վ է լաւագոյնը, այլ` ո՛վ բախտի առիթը ունի հոն հասնելու»: Ան անհաւանական նկատեց Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահի ընտրութիւնը: Նմանապէս ան ակնարկելով բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութեան հաւանականութեան ըսաւ. «Բանակի հրամանատարը իբրեւ անձ, վստահաբար կրնայ նախագահ ըլլալ, սակայն ըստ ինծի, չեմ խորհիր, որ զինուորական մարզին մէջ յաջողած անձ մը կրնայ անպայման յաջողիլ նաեւ քաղաքականութեան մէջ»:
Իսկ Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մասին հարցումի մը պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, թէ նախ Պասիլ իր թեկնածութիւնը չէ յայտարարած: «Եկեղեցի հասնինք` այն ատեն կ՛աղօթենք», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:
Համաձայն գտնուելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի վերջերս արտայայտած կարծիքին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, թէ այդ մէկը կը քալէ քաղաքականութեան պարագային` հարց տալով, թէ հապա ի՞նչ պէտք է ընել ընտրութեան ընթացքին, որ պէտք է տեղի ունենայ նոր կառավարութեան մը կազմութենէն ետք: Բագրատունի անհրաժեշտ առաջնահերթութիւն նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը, որմէ ետք միայն պէտք է կայանայ նախագահական ընտրութեան երեսփոխանական ժողովը: Սակայն ան մտավախութիւն յայտնեց այս գծով սահմանադրական խախտումի հաւանականութեան շուրջ: