ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց Շիրակի մարզի Մարմաշէնի մէջ բնակող Էլբակեաններու ընտանիքին։
Անոնց որդին՝ հայկական զինուած ուժերու հարիւրապետ Սօս Էլբակեան, քանի մը օր նահատակուեցաւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի հիւսիս-արեւելեան՝ Տաւուշի հատուածին մէջ՝ Ատրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին։
Նախագահ Սարգսեան իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց հարիւրապետ Էլբակեանի ծնողներուն եւ նշեց, որ անոնց որդին իր երիտասարդ կեանքը զոհաբերեց՝ անձնուիրաբար պաշտպանելով հայրենիքի սահմանը, բոլորիս խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Սօս Էլբակեանի ծնողներուն՝ այդպիսի քաջ ու հայրենասէր զաւակ դաստիարակելնուն համար:
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին 23-24 Յուլիսի լուսցող գիշերը, պահպանուած է յարաբերական անդորր։ Ըստ անոր՝ թշնամին Չիվայի, Խնձորուտի, Մովսէսի եւ Պառաւաքարի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու առանձին հատուածներու մէջ հրաձգային զինատեսակներէ խախտած է կրակի դադրեցման դրութիւնը 4 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով 28 կրակոց: